Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քննարկուած Է Հայաստան-Հնդկաստան Պաշտպանութեան Համագործակցութիւնը

Քննարկուած Է Հայաստան-Հնդկաստան Պաշտպանութեան Համագործակցութիւնը

by MassisPost

Օգոստոս 4-ին ՀՀ դեսպան Վահագն Աֆյեան հանդիպած է Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան նորանշանակ միացեալ քարտուղար Ամիտ Թելանկի հետ:

Հանդիպման, որուն ներկայ եղած է նաեւ Հնդկաստանի մէջ ՀՀ ռազմական կցորդ, գնդապետ Արկադի Տօնոյեանը, քննարկուած են երկու երկիրներու պաշտպանութեան համագործակցութեան, մասնաւորապէս՝ ռազմարդիւնաբերական եւ ռազմաուսումնական բնագաւառի, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ համապատասխան այցերու կազմակերպչական հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է երկկողմ շփումներու աշխոյժ շարունակականութեան ապահովման, փոխգործակցութեան զարգացման եւ ռազմավարական բնոյթ կրող յարաբերութիւններու խորացման ուղղութիւններուն:

2025-ի վերջը Հայաստանն ու Հնդկաստանը ստորագրած են 2026-ի համագործակցութեան ծրագիրը։ Այն կ’ընդգրկէ շարք մը միջոցառումներ բարձրաստիճան եւ փորձագիտական փոխայցելութիւններու, ռազմական կրթութեան, ռազմատեխնիկական, մարտական պատրաստութեան ու վարժանքներու, փորձի փոխանակման եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment