ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է խաղաղութեան առաքելութիւններու հարցերով ԱՄՆ յատուկ բանագնացի աւագ խորհրդական Արյէ Լայթսթոնը:
Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Տրանսկասպեան ձեռնարկութիւններու հիմնադրամի նախագահ Կոնստանդին Սոքոլովը:
Երկուստէք ընդգծուած են 2025թ. Օգոստոս 8-ի ուաշինկթընեան խաղաղութեան գագաթաժողովէն իվեր արձանագրուած նշանակալի զարգացումներն ու ձեռքբերումները: Ընդգծելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան կարեւորութիւնը տարածաշրջանի զարգացման ներուժի առաւելագոյնս իրացման հարցով՝ զրուցակիցները քննարկած են նաեւ խաղաղութեան հետագայ ամրապնդման ուղղուած հնարաւոր քայլերը:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ նշած են վերջին շրջանին բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու աշխոյժ շարժը եւ պայմանաւորուածութիւնները, ՀՀ-ԱՄՆ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հարցով առկայ շօշափելի ձեռքբերումները, որոնք նաեւ ընդամէնը մէկ տարի առաջ՝ Օգոստոս 8-ին, Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած երեք յուշագրերու իրականացման արդիւնք են: Ի թիւս շարք մը նախաձեռնութիւններու՝ ընդգծուած են արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ աշխուժօրէն զարգացող փոխգործակցութիւնը եւ Firebird AI ընկերութեան խոշոր նախագիծի առաջին փուլով կառուցուող տուեալային կեդրոնի («ԱԲ գործարանի») գործարկումը:
Արարատ Միրզոյեան եւ Արյէ Լայթսթոն քննարկած են նաեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան եւ Հայաստանի տնտեսական եւ ուժանիւթային դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններն ու ծրագրերը:
Հանդիպման ընթացքին հանգամանալից քննարկուած են տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան խթանման ուղղուած եւ այդ ճանապարհին առկայ մրցակցային առաւելութիւններու իրացման հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է TRIPP ծրագրի կեանքի կոչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն. երկուստեք ընդգծուած է ծրագրին՝ գետնի վրայ հնարաւոր սեղմ ժամկէտներու մէջ իրականացման հարցով շահագրգռուածութիւնը: Միտքեր փոխանակուած են միջազգային փոխադրումներու եւ ենթակառուցուածքներու համակարգին մէջ Հայաստանի առաւելագոյնս արդիւնաւէտ համարկման հեռանկարներու շուրջ:
Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:

