Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ծառուկեանին Նոր Մեղադրանք Ներկայացուած Է, Անոր Ընկերութիւններու 2 Տնօրէններ Կալանաւորուած Են

Ծառուկեանին Նոր Մեղադրանք Ներկայացուած Է, Անոր Ընկերութիւններու 2 Տնօրէններ Կալանաւորուած Են

by MassisPost

Դատարանը բաւարարած է իրաւապահներու միջնորդութիւններն ու երկու ամիսով կալանաւորած է երէկ ձերբակալուած Սեդրակ Առուստամեանն ու Արթուր Դալլաքեանը, փոխանցեցին Քննչական Կոմիտէէն:

Առուստամեանը ԲՀԿ առաջնորդ, գործարար Գագիկ Ծառուկեանի առեւտրային կայսրութեան՝ «Մուլտի գրուպ»-ի Տնօրէններու խորհուրդի նախագահն է, իսկ Արթուր Դալլաքեանը՝ դարձեալ Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող «Մուլտի
տրանս»-ի տնօրէնը:

Առուստամեանի փաստաբան Յովիկ Սուքիասեանը «Ազատութեան» յայտնած էր, որ պաշտպանեալը կը մեղադրուի նոյն գործով, որով մէկ ամիս առաջ կալանաւորուեցաւ Գագիկ Ծառուկեանը:

Իրաւապահները ԲՀԿ առաջնորդը կը մեղադրեն իրանցի գործարարներէն մօտ 22 միլիոն տոլարի գոյք եւ դրամական միջոցներ յափշտակելու եւ փողերու լուացման համար: Քննչական Կոմիտէն կը պնդէ, որ «Մուլտի գրուպ»-ի նախկին գլխաւոր տնօրէն, Տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Սեդրակ Առուստամեանն ու Արթուր Դալլաքեանը օժանդակած են Ծառուկեանին:

Աւելի ուշ Քննչական Կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածեց, համաձայն որուն՝ Գագիկ Ծառուկեանի եւ Սեդրակ Առուստամեանի նկատմամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է նաեւ մէկ այլ՝ լիբանանահայ գործարարէ առանձնապէս խոշոր չափերով շորթման եւ փողերու լուացման առերեւոյթ դէպքերով:

«Նախաքննութեան արդիւնքում առերեւոյթ փաստական տուեալներ են ստացուել այն մասին, որ Գ․Ծ․-ն 2008 թուականի ընթացքում ծանօթացել է լիբանանահայ գործարար Գ․Թ․-ի հետ եւ առաջարկել համատեղ իրականացնել ոսկեայ զարդերի
վաճառքի գործունէութիւն: Նշուած գործունէութիւնը ծաւալելու նպատակով ընկերութիւնը 2009 թուականին պետական գրանցում է ստացել, որտեղ 50-ական տոկոս բաժնեմասերով բաժնետէրեր են գրանցուել Գ․Ծ․-ն եւ Գ․Փ․-ն, իսկ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն է ընտրուել Ս․Ա․-ն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ Քննչականին՝ 2010-ի Օգոստոս 17-ին Սեդրակ Առուստամեանն ու Գագիկ Ծառուկեանը Առինջ գիւղին մէջ գտնուող առանձնատան այգինին մէջ լիբանանահայ Գէորգ Թորամանեանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքով պահանջած են ստորագրել փաստաթուղթեր, ինչի ազդեցութեան ներքոյ Թորամանեան նոյն օրը նոտարի մօտ ստորագրած է պարտաւորագիր եւ տուած է լիազօրագիր, «որոնց հիման վրայ 2011-ի Մարտի 14-ին անոր կողմէ լիազօրուած անձ Յ․Գ․-ի եւ Ս․Ա․-ի միջեւ կնքուած է «բաժնեմասի առուվաճառքի մասին» պայմանագիր, որով Ս․Ա․-ին փոխանցուած է ընկերութեան` Գ․Թ․-ի կանոնադրական դրամագլուխին մէջ ունեցած 50 տոկոս բաժնեմասը` այդ կերպ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքով կատարելով առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 2,5 միլիոն տոլարի շորթում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment