«Ռուսաստանի հետ իրական դաշնակցային համագործակցութիւն ծաւալելու՝ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը կասկածի տեղիք կու տայ»,- յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳՆ տեղեկատուութեան եւ մամուլի վարչութեան փոխտնօրէն Ալեքսէյ Ֆատէեւ։
«Առայժմ մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը մեր յարաբերութիւնները որպէս միակողմանի երթեւեկութեամբ ճանապարհ կ’ընկալէ։ Մենք, ի հարկէ, կ’ակնկալենք, որ հայկական կողմը աւելի հաւասարակշռուած եւ իրատեսական մօտեցում կը ցուցաբերէ»,- յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳՆ ներկայացուցիչը։
«Երեւանի մէջ կը հրաժարին Մոսկուայի հետ բացառիկ յարաբերութիւններէն, որոնք իբրեւ թէ կը խանգարեն այլընտրանքային ուղղութիւններուն ընտրութիւնը։ Անոր փոխարէն երկրի բնակչութեան ու շարքային քաղաքացիին Արեւմուտքի հետ դաշնակցային համագործակցութեան մասին բազմաթիւ հռչակագրեր կը հրամցնեն», – նշած է Ֆատէեւ։
«Նման աղմկոտ ազդարարումներ հնչեցնելէ առաջ լաւ պիտի ըլլար ծանօթանալ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու իրաւական հիմքին հետ, ուր յստակօրէն նշուած է, թէ ով, որու եւ որքան պարտք է»,- նշած է Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը։
Ալեքսէյ Ֆատէեւի խօսքով՝ Մոսկուային դուրեկան չէ նաեւ «Երեւանի եւ Քիեւի վարչակազմի ցուցադրական սիրահետումները»։
«Եթէ Երեւանի մէջ կ’ուզեն հասնիլ անոր, որ իրենց շահերը հաշուի առնուին, այդ պարագային Մոսկուայի մօտ ինչո՞ւ պէտք է նոյնատիպ հարցադրումներ ի յայտ չգան՝ ուղղուած հայ գործընկերներուն»,- եզրափակած է Ռուսաստանի ԱԳՆ տեղեկատուութեան եւ մամուլի վարչութեան փոխտնօրէնը։

