Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ծառուկեանի Գործով Ձերբակալուած Է «Մուլտի Գրուպ» Ձեռնարկութեան Նախկին Գլխաւոր Տնօրէնը

Ծառուկեանի Գործով Ձերբակալուած Է «Մուլտի Գրուպ» Ձեռնարկութեան Նախկին Գլխաւոր Տնօրէնը

by MassisPost

Գործարար Գագիկ Ծառուկեանի գործով ձերբակալուած են «Մուլտի Գրուպ» ձեռնարկութեան նախկին գլխաւոր տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանն ու ընկերութեան տնօրէնը՝ աւելի քան 8,1 միլիառ դրամի չարաշահումներու մեղադրանքով, յայտնած են Քննչական Կոմիտէէն։

«Քննչական Կոմիտէի տնտեսական յանցագործութիւնների եւ մաքսանենգութիւնների քննութեան գլխաւոր վարչութիւնում քննւում է Գագիկ Ծառուկեանի եւ այլ անձանց կողմից առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 8 միլիառ 126 միլիոն 946 հազար 460 դրամին համարժէք 21 միլիոն 72 հազար 827 տոլար արժողութեան գոյքերը եւ դրամական միջոցները խաբէութեամբ յափշտակելու եւ փողերի լուացում կատարելու առերեւոյթ դէպքերի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթը:

«Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցների հիման վրայ ձեռնարկութեան նախկին գլխաւոր տնօրէն, տնօրէնների խորհրդի նախագահ Սեդրակ Առուստամեանի եւ ընկերութեան տնօրէն Արթուր Դալլաքեանի նկատմամբ յարուցուել է հանրային քրէական հետապնդում՝ առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութեանն օժանդակելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերի լուացմանն օժանդակելու մասին յօդուածներով»,- ըսուած է ՔԿ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Օգոստոս 5-ին վարոյթը իրականացնող մարմինին կողմէ կայացուած որոշումներու հիման վրայ Սեդրակ Առուստամեանը եւ Արթուր Դալլաքեանը ձերբակալուած են՝ դատարան ներկայացնելու նպատակով:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment