Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեանը Լաչինի Միջանցքը Անցնելու Պահէն Կը Մտածէր՝ Ինչպէս Վերցնէ Իշխանութիւնը Տէր Պետրոսեանէն. Քոչարեան

Ռոպերթ Քոչարեանը Լաչինի Միջանցքը Անցնելու Պահէն Կը Մտածէր՝ Ինչպէս Վերցնէ Իշխանութիւնը Տէր Պետրոսեանէն. Քոչարեան

by MassisPost

Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեան, անդրադառնալով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանի՝ նախօրէին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքներուն, ուր ան վարչապետը կը մեղադրէր Մարտ 1-ի համար, ըսած է, թէ այդ շատ տարօրինակ էր այն առումով, որ Մարտ 1-ին Լեւոն Քոչարեանը երիտասարդ տղայ եղած է, ոչ թէ 7-ամեայ երեխայ:

«Ինքն ամէն ինչից պէտք է տեղեակ լինէր թէ՛ ընտանիքում, թէ՛ փողոցում եւ ընդհանրապէս մարտիմէկեան դէպքերի հետ կապուած: Եթէ նոյնիսկ տեղեակ չի եղել, այս տարիների ընթացքում իր ժանրի մէջ բացառիկ մի ֆիլմ է նկարահանուել փաստահաւաք խմբի զեկոյցի եւ նկարահանումների հիման վրայ: Դա «Կորսուած գարունն» է»,- ըսած է Անդրանիկ Քոչարեան:

Անոր խօսքով՝ առաւօտեան 6:00-ին տեղի ունեցած բիրտ գործողութիւնները որակուած են որպէս քննչական գործողութիւններ, մոռնալով որ, ըստ օրէնքի, քննչական գործողութիւնները պէտք է տեղի ունենան ժամը 7:00-էն յետոյ։

Քոչարեանի խօսքով՝ յետոյ պարզուած է, որ այդ գործողութիւնները նկարահանած են, եւ այդ նկարահանողներուն ժամը ճշդուած է, այդտեղ առաջին խախտումներն էին, բայց որպէսզի ատիկա կարենան փաթեթաւորել, տեղի ունեցած են խարդաւանքներու հսկայածաւալ գործողութիւններ:

«Եւ հիմա ՄԻԵԴ-ի որոշման մէջ արձանագրումներ կան 5 զեկոյցներից, որոնք անշրջելի զեկոյցներ են, որոնց մէջ ներառուած են եղել ներքին զօրքերի սպայ՝ Համլէտ Թադեւոսեանի հանգամանքներից սկսած մինչեւ անօրինական զինուած խմբաւորումների ստեղծումը, 0038 հրամանը»,- ըսած է պատգամաւորը՝ ներկայացնելով, թէ ինչպէս եղած է, որ այդ գործողութիւնները կը կապուին Ռոպերթ Քոչարեանի ոչ միայն կառավարման, այլեւ իր անձին հետ:

Անոր խօսքով՝ փաստահաւաք խումբի ձեռքին յայտնուած է 0038 խիստ գաղտնի հրամանը, որմէ պարզ կը դառնայ, որ Ռոպերթ Քոչարեանի հրաւիրած խորհրդակցութեան բերումով զինուած ուժերը ստացած են առաջադրանք, թէ Մարտ 1-ին ինչով պէտք է զբաղուին:

Պատմական ակնարկ կատարելով՝ ներկայացուցած է, թէ ինչպէս Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Ռոպերթ Քոչարեանը հրաւիրած է Հայաստան եւ նշանակած է վարչապետ, որպէսզի Ղարաբաղի հարցը լուծուի:

«Կարծում եմ՝ Տէր Պետրոսեանը սխալուեց: Ռոպերթ Քոչարեանը, Լաչինի միջանցքը անցնելու պահից սկսած, մտածում էր՝ ոնց վերցնի իշխանութիւնը Տէր Պետրոսեանից․ դա ակնյայտ էր»,- յայտնած է Անդրանիկ Քոչարեանը:

Ան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ իրար յաջորդող քաղաքական սպանութիւններուն:

«Տեղի էին ունենում սպանութիւնների տարօրինակ փաթեթաւորումներ»,- աւելցուցած է Քոչարեան եւ նշած, որ Հոկտեմբեր 27-ին ու անկէ յետոյ եղած է ունեցուածքի բաժանում, մանկապարտէզներու սեփականաշնորհում:

Ու սա, ըստ պատգամաւորին, այն պարագային, երբ Տէր Պետրոսեանը Քոչարեանը հրաւիրած էր, որ լուծէր խաղաղութեան խնդիրը:

«Խաղաղութեան խնդիրը չլուծուեց, որովհետեւ խաղաղութիւն պէտք չէր, իշխանութիւն էր պէտք: Այդ իշխանութեան խնդիրը Հոկտեմբերի 27-ով լուծուեց»,- ընդգծած է Անդրանիկ Քոչարեան:

Պատգամաւորը նաեւ ըսած է, որ այս օրերուն համոզուած է՝ «Հայաստան» խմբակցութեան փաստացի ղեկավարը ոչ թէ Աննա Գրիգորեանն է, այլ՝ Լեւոն Քոչարեանը, քանի որ ան կ’արձագանգէ այն մեղադրանքներուն, որոնք կապուած են իր հօր կառավարման տարիներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment