«Մենք խնդիրը ձեւակերպելու ենք հետեւեալ կերպ. 2026-2031 թուականը 2 միլիառ տոլարի ապօրինի օտարուած գոյք պէտք է վերադարձուի ՀՀ-ին կամ համայնքներին»:
Կառավարութեան Օգոստոս 6-ի նիստին այս մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Սա շատ իրատեսական խնդիր է, առաւել եւս այն գործընթացները, որ մենք ընտրութիւններից յետոյ տեսնում ենք, նաեւ հանրութեան շատ յստակ պահանջ կայ ձեւակերպուած: Ուզում եմ նաեւ հանրութեանը շնորհակալութիւն յայտնել համբերատարութեան համար, չնայած ձգձգումները մեզ նոյնքան ջղայնացրել են, ինչքան հանրութեանը, բայց, այնուամենայնիւ, մեխանիզմները գործարկուած են: 2026-ից մինչեւ 2031 թուականը 2 միլիառ տոլարի գոյք պէտք է վերադարձուի պետութեանը եւ համայնքներին բոլոր մեխանիզմների գործարկմամբ»,- յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետը կարեւորած է նաեւ վերադարձուած գոյքերու հետագայ ճակատագիրը՝ տեղեկացնելով, որ առաւօտեան «տարօրինակ» նամակ ստացած է քաղաքացիէ, ըստ որուն՝ այն գոյքը, որ վերադարձուած է համայնքին, հիմա համայնքը կրկին կ’ուզէ վերադարձնել այն անձին, որմէ վերադարձուած է համայնքին:

