Յուլիսի 29-ին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Յունաստանի Վարիչ Մարմինի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Շահինեան հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան զարգացման նախարար պարոն Թաքիս Թէոտորիքաքիսի հետ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման, տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման, գործարար կապերու զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հայկական համայնքի մասնակցութեամբ նոր տնտեսական եւ հասարակական նախաձեռնութիւններու իրականացման կարելիութիւններուն։ Զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ համայնքին պատրաստակամութիւնը՝ իր հնարաւորութիւններուն սահմաններուն մէջ նպաստելու հայ եւ յոյն գործարար շրջանակներու միջեւ համագործակցութեան խորացման, տնտեսական տեղեկատուութեան փոխանակման, մասնագիտական հանդիպումներու կազմակերպման եւ համատեղ ծրագրերու իրականացման։
Նախարար Թաքիս Թէոտորիքաքիս ողջունեց ներկայացուած առաջարկներն ու գաղափարները եւ վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը՝ նախարարութեան իրաւասութիւններուն եւ իր լիազօրութիւններուն սահմաններուն մէջ աջակցելու այն բոլոր կառուցողական նախաձեռնութիւններուն, որոնք կրնան նպաստել հայ-յունական տնտեսական եւ գործարար յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման։
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը բարձր կը գնահատէ նախարար Թաքիս Թէոտորիքաքիսի հետ կայացած այս բովանդակալից եւ կառուցողական հանդիպումը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ նման շփումներն ու շարունակական երկխօսութիւնը պիտի նպաստեն Յունաստանի հայկական համայնքի աւելի աշխոյժ ներգրաւուածութեան, ինչպէս նաեւ հայ-յունական բարեկամական եւ տնտեսական կապերու շարունակական ամրապնդման։

