Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ուժը Կորսնցուցած Ճանչցուած Է Գագիկ Ծառուկեանի Ընտանիքին Պատկանող «Շանգրի Լա» Խաղատան Արտօնագիրը

Ուժը Կորսնցուցած Ճանչցուած Է Գագիկ Ծառուկեանի Ընտանիքին Պատկանող «Շանգրի Լա» Խաղատան Արտօնագիրը

by MassisPost

Ուժը կորսնցուցած ճանչցուած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող «Շանգրի լա» խաղատան իրաւաբանական անձ՝ «Օնիրա ՔԼԱԲ»-ի  արտօնագիրը։ Հրամանը ստորագրած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, որ այս մասին յայտնած է իր ֆէյսպուքեան էջով՝ կից ներկայացնելով համապատասխան որոշումը։

Պաշտօնական փաստաթուղթին համաձայն՝ որոշման պատճառը ընկերութեան կողմէ ներկայացուած տուեալներու կեղծումն է։

Ստուգումներու արդիւնքով պարզուած է, որ 2026-ի Մարտ ամսուայ ֆինանսական հաշուետուութիւններու եւ խաղային սարքերու հաշուիչներու փաստացի ցուցմունքներուն միջեւ առկայ են անհամապատասխանութիւններ։ Խաղադրոյքներու, շահումներու, մուտքերու եւ ելքերու  վերաբերեալ ներկայացուած տուեալները որակուած են որպէս խեղաթիւրուած եւ կեղծ։

Սպառողներու շահերու պաշտպանութեան նկատառումներով այս վարչական արարքը ենթակայ է անյապաղ կատարման եւ ուժի մէջ կը մտնէ ընկերութեան իրազեկելուն յաջորդող օրէն։

«Օնիրա ՔԼԱԲ» ընկերութիւնը իրաւունք ունի որոշումը երկամսեայ ժամկէտի մէջ բողոքարկել վարչական կարգով կամ ՀՀ վարչական դատարանին մէջ։

Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով փաստացի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի՝ ԲՀԿ-ին շեմը յաղթահարելու հնարաւորութենէն զրկելէ յետոյ սա Ծառուկեանին ընտանիքին պատկանող առեւտրային ընկերութեան դէմ գործերէն հերթականն է։

Մայիս 20-ին Փաշինեան յայտարարեց, որ Ծառուկեանին պատկանող ամենամեծ հաշիւը՝ «Արարատցեմենտը», պիտի վերադարձուի պետութեան։ Նոյն օրը Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնեց, որ «Արարատցեմենտի» մասնաւորեցման փաստով քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։ Բացի անկէ, իրաւապահները «Արարատցեմենտ» ընկերության հողամասերու ձեռքբերման գործընթացին մէջ եւս յայտնաբերած էին շարք մը խախտումներ:

Յունիս 16-ին Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնած է, որ շարք մը խախտումներ յայտնաբերուած են «Արարատցեմենտ» ընկերութեան պատկանող «Ոսկէ բանալի» առողջարանի ձեռքբերման գործընթացին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment