Eurosatory 2026 միջազգային ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդէս եկած է ամփոփիչ ելոյթով «Պաշտպանական արդիւնաբերական համագործակցութիւն. մատակարարման շղթաներ, տաղանդներ եւ փոքր պետութիւնների դերը» խորագրի ներքոյ։
Իր ելոյթին մէջ նախարարը ներկայացուցած է ՀՀ ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման հայեցակարգային մօտեցումները՝ ընդգծելով, որ փոքր երկիրները եւս արհեստական բանականութեան եւ արհեստագիտական յառաջընթացի դարաշրջանին կրնան ըլլալ մրցունակ շնորհիւ ճկունութեան եւ նպատակային ներդրումներու։
Արհեստական բանականութիւնը արագօրէն կը դառնայ հիմնարար արհեստագիտութիւն ժամանակակից պաշտպանական համակարգերու մէջ: Սակայն միայն արհեստագիտութիւնը բաւարար չէ: Նախարարին համոզմամբ՝ իրական մրցակցային առաւելութիւնը կը շարունակէ մնալ մարդկային դամագլուխը: Հայաստանը կը շարունակէ մեծ ներդրումներ կատարել ճարտարապետական կրթութեան, սթարթափներու զարգացման, գիտահետազօտական հիմնարկներիուեւ համաշխարհային առաջատար արհեստագիտական ընկերութիւններու հետ գործընկերութեան մէջ: Նպատակը յստակ է՝ ստեղծել միջավայր, ուր տաղանդները կրնան դրսեւորուիլ, ստեղծել եւ ընդլայնել արտադրանքներ, որոնք կը նպաստեն թէ՛ տնտեսական զարգացման, թէ՛ ազգային անվտանգութեան:
Նախարարը փաստած է, որ վերջին 4-5 տարիներու ընթացքին ՀՀ ռազմարդիւնաբերական ոլորտին մէջ արձանագրուած է որակական թռիչք. պետական պատուէրներու համակարգի միջոցով ոլորտին մէջ ներդրուած է 172 միլիառ դրամ, եւ ընդունուած է որոշում՝ յաւելեալ 190 միլիառ դրամի նոր երկարաժամկէտ պայմանագրեր կնքելու մասին։ Այս քաղաքականութեան շնորհիւ ոլորտի շրջանառութիւնը ներքին տնտեսութեան մէջ հասած է շուրջ 70 միլիառ դրամի, իսկ հայկական ռազմական արտադրանքը արդէն իսկ կ’արտահանուի։
Այսպիսով, ապագան կը պատկանի ոչ թէ մեկուսացուած արդիւնաբերական կառոյցներուն, այլ փոխկապակցուած բնապահպանական համակարգերուն, որոնք ունակ են միասին ճանապարհ հարթել նորարարութիւններու համար: Նախարարին համոզմամբ՝ նորարարական բնապահպանական համակարգերը կը ծաղկին, երբ սթարթափները կը կարենան արագ փորձարկել, սորվիլ եւ կատարելագործուիլ, ուստի ջանքեր չեն խնայուիր փորձարկումներու ընթացակարգերը պարզեցնելու եւ իրական գործնական միջավայրերու հասանելիութիւնը մեծցնելու ուղղութեամբ:
Համաշխարհային մրցակցութեան մէջ յաջողելու համար Հայաստանը կը զարգացնէ «ԱԲ գործարաններու պարտէզի» (AI Factory Garden) իր տեսլականը, ինչ որ հայկական պաշտպանական ընկերութիւններուն թոյլ կու տայ իրականացնել բարդ ճարտարապետական ձեւաւորումներ եւ անհրաժեշտ փորձարկումներ, ուր պետութիւնը կը տրամադրէ անհրաժեշտ միջոցներ եւ ենթակառուցուածքներ։
Նախարարն ընդգծած է միջազգային համագործակցութիւններու խթանման պատրաստակամութիւնը՝ նշելով, որ ՀՀ կառավարութիւնը հետեւողական քայլեր կը ձեռնարկէ արտահանման արտօնագրման ընթացակարգերու պարզեցման ուղղութեամբ, ինչ որ պիտի ապահովէ հայկական արհեստագիտական լուծումներու մուտքը համաշխարհային շուկաներ։ Հայաստանը սպառողէն կը վերածուի աշխարհին բարձր արհեստագիտական արդիւնք առաջարկող գործընկերոջ, ուր գիտական ներուժը, ուժանիւթային հնարաւորութիւնները եւ հաշուարկային հզօրութիւնները միասնաբար կը ծառայեն ազգային անվտանգութեան եւ արհեստագիտական յառաջընթացի ապահովման:
«Միասին մենք կարող ենք կառուցել մատակարարման շղթաներ, որոնք աւելի դիմակայուն են, մշակել արհեստագիտութիւններ, որոնք աւելի արդիւնաւէտ են, ստեղծել պաշտպանական արդիւնաբերական բնապահպանական համակարգ, որն աւելի ուժեղ է, քանի որ հիմնւում է ինչպէս մեծ, այնպէս էլ փոքր պետութիւնների կարողութիւնների վրայ»,- իր ելոյթը ամփոփած է Մխիթար Հայրապետեանը:

