Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ժողովուրդը Ընտրեց` Խաղաղութիւնը, Ինքնիշխանութիւնը եւ Ժողովրդավարութիւնը

Հայաստանի Ժողովուրդը Ընտրեց` Խաղաղութիւնը, Ինքնիշխանութիւնը եւ Ժողովրդավարութիւնը

by MassisPost

Աւարտին հասաւ Հայաստանի ամենէն հետեւանքային ընտրութիւններէն մէկը, որ եկաւ կողմնորոշելու երկրի ներքին ու արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը` յառաջիկայ տարիներու ընթացքին: Արդիւնքներով գոհ են  Հայ հասարակութեան մեծամասնութիւնը` Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին: Գոհունակութիւն կը յայտնեն ու շնորհաւորանքներ կ’ուղարկեն նաեւ Եւրոպական երկիրները, որոնք վերջին օրերուն հասան Հայաստանի օգնութեան` մեղմելու համար Ռուսաստանի սահմանած տնտեսական պատժամիջոցները:

Արձանագրուած արդիւնքներէն հիասթափուած են բոլոր անոնք, որոնք շատ ինքնավստահ կ’աւետէին մօտալուտ իշխանափոխութեան անխուսափելիութիւնը: Դժգոհ է նաեւ Մոսկուան, որ իր կարելին ըրաւ ընդդիմադրութեան յաղթանակ ապահովելու համար:

Եւրոպական ու նաեւ Ռուսաստանի գլխաւորած ԱՊՀ երկիրներու դիտորդական առաքելութիւնները «լաւ կազմակերպուած ու մրցակցային» որակեցին ընտրական գործընթացը, մատնանշելով հանդերձ կարգ մը խախտումներ ե’ւ իշխանութիւններուն ե’ւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կողմէ:

Ընտրութիւններու  ելքով պայմանաւորուած Հայաստանի ժողովուրդը արձանագրեց իր դիրքորոշումը կարեւորագոյն հարցերու նկատմամբ, որոնց շարքին խաղաղութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը, որոնց երեքն ալ կը կարօտին իշխանութեան մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ ամրագրելու ու ամրապնդելու զանոնք:

Նիկոլ Փաշինեանի առաջ մղած խաղաղութեան օրակարգը արժանացաւ քաղաքացիներու հաւանութեան: Պատերազմէն պարտուած դուրս եկած ու իր կողքին չունենալով վստահելի դաշնակիցներ, պաշտօնական Երեւանը կանգնած էր երկընտրանքի առջեւ. կամ շարունակել հակամարտութիւնը ու մնալ յաւիտենական շրջափակման ու մեկուսացման մէջ եւ կամ ալ փորձէր կարգաւորել իր յարաբերութիւնները դրացի երկիրներուն հետ, որպէսզի ճանապարհ հարթուի երկրի զարգացման ու ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ: Որքան ալ որ մեզմէ շատերուն համար դժուար պիտի ըլլայ հաշտուիլ պատմականօրէն թշնամի երկու երկիրներու` Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ մերձեցման գաղափարին հետ, պարտաւոր ենք ըլլալ իրատես եւ ընդունիլ, որ կը գտնուինք աշխարհագրականօրէն ոչ նպաստաւոր միջավայրի մը մէջ ու խիզախ որոշումներ կայացնելու պարտաւորութեան առջեւ կանգնած է մեր հայրենիքը: Ընտրութիւնները նաեւ տուին այդ հարցի պատասխանը ու յստակ դարձուցին ժողովուրդի մեծամասնութեան դիրքորոշումը:

Երկրորդ հարցը, որուն պատասխանը տուին ընտրողները կը վերաբերի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու իրաւունքին: Վերջին տարիներուն Հայաստան սկսած է վարել բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն` մեկնելով բացառապէս իր արտաքին շահերէն: Ինքնիշխանութեան հարցը դրուեցաւ քուէաթերթիկը վրայ, երբ հրապարակ եկաւ ռուսամէտ ուժերը համախմբող ընդդիմադիր ճակատ մը, որ կը պահանջէր Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ճակատագիրը կապել երաշխաւոր` երրորդ երկրի մը հետ: Ռուսաստանի կողմէ այլեւայլ տեսակի միջամտութիւնները առաւել սրեցին իրավիճակը` ընտրողները դնելով իրենց երկրի ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու հրամայականին առջեւ: Հոս եւս Հայաստանի քաղաքացիները արտայայտեցին իրենց վճռական կեցուածքը` յանուն անկախութեան ու ինքնիշխանութեան:

Այս ընտրութիւններով նժարի վրայ դրուած էր նաեւ ազատ ընտրութիւններով ձեւաւորուած իշխանութիւն ունենալու իրաւունքը: Երկար տարիներ կեղծուած ընտրութիւններու ճանապարհով անցած քաղաքացիներուն համար խիստ կարեւոր էր նաեւ պաշտպանութիւնը ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն« որոնք անկասկած պիտի վտանգուէին եթէ այս մարզին մէջ տխուր անցեալ ունեցող ուժերը գային իշխանութեան` շրջելու համար վերջին տարիներու ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները:

2026-ի ընտրութիւնները անթերի չէին, որուն համար գլխաւոր պատասխանատուները ընդդիմադրութեան շարքերուն մէջ էին: Ընտրակաշառքի լայն ձեւով օգտագործումը ստիպեցին իրաւապահ մարմիններուն կատարելու ձերբակալութիւններ, որոնք այժմ կ’օգտագործուին ընտրութիւնները սեւացնելու եւ կասկած տակ առնելու համար: Սակայն, անժխտելի իրականութիւնը կը մնայ այն, որ ամբողջ գործընթացքը տեղի ունեցաւ մրցակցային ազատ պայմաններու տակ` ընտրողներուն տալով իրենց կամքը արտայայտելու իրաւունք, որ գերագոյն արժէք է ժողովրդավարական հասարակութիւններուն մօտ:

Հայաստան այժմ կը թեւակոխէ նոր հանգրուան ու ժողովուրդի ակնկալիքները շատ աւելի մեծ են նորընտիր իշխանութիւններէն, որոնք պարտաւոր են կատարելու իրենց նախընտրական խոստումները, այլապէս հինգ տարի ետք կրնան ենթարկուիլ այլ ճակատագրի:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment