Գործարար Սամուէլ Կարապետեանի խափանման միջոց տնային կալանքը փոխուած է կալանքի՝ երկու ամիս ժամկէտով։ Այս մասին յայտնած են Վերաքննիչ հակափտածութեան դատարանէն։
«Վերաքննիչ հակափտածութեան դատարանն այսօր բեկանել է Սարգիս Պետրոսեանի որոշումը, որով գործարար, բարերար Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ տնային կալանք էր կիրառուել։ Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուել է կալանքը՝ երկու ամիս ժամկէտով»,- յայտնած են Վերաքննիչ հակափտածութեան դատարանէն։
Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ 2025-ի Յունիս 18-էն կիրառուած բանտային կալանքը Դեկտեմբեր 30-ին փոխարինուած էր տնային կալանքով, 4 միլիառ դրամ գրաւով, եւ այլ սահմանափակումներով:
Փաստաբան Արամ Վարդեւանեանը յայտնած է, որ Սամուէլ Կարապետեանի կալանքի պահանջով Յունուար 5-ին մուտքագրուած էր վերաքննիչ բողոք: Վերաքննիչ դատարանը Յունուար 12-ին վարոյթ ընդունելով դատախազին եւ փաստաբաններուն բողոքը որոշման հրապարակման օր սահմանուած է Յունուար 16-ը: Վարդեւանեանը նաեւ նշած էր, որ միաժամանակ քննչական մարմինը ներկայացուցած է տնային կալանքի երկարաձգման միջնորդութիւն (օրէնքի ուժով այլ միջնորդութեամբ չեն կրնար հանդէս գալ), որով նիստը նշանակուած է Յունուար 16-ին Հակափտածութեան դատարանին մէջ:
Սամուէլ Կարապետեանը Յունիսին կալանաւորեցին իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչի յօդուածով։

