Հայաստանը յաջողած է անկայունութեան համաշխարհային միջավայրին մէջ կայունութիւն բերել տարածաշրջանին եւ երկրին համար լայն հնարաւորութիւններ բանալ:
Նման համոզմունք յայտնեց ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ «Հայաստանը եւ խաղաղութիւնը վտանգներու եւ հնարաւորութիւններու խաչմերուկին» խորագրով անվտանգային համագումարի շրջանակին մէջ:
Անդրադառնալով հարցումին, թէ տարածաշրջանային եւ համախարհային անորոշութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ Հայաստանի եւ անոր անվտանգային միջավայրին վրայ՝ Գրիգորեան պատասխանեց, որ Հայաստանի հետ կապուած, նաեւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները, որոնք աւելի շատ անորոշութիւններ ստեղծած են, ստիպել են աւելի աշխոյժ աշխատիլ՝ առնուազն Հայաստանի շուրջ իրողութիւնները աւելի կայուն եւ կանխատեսելի դարձնելու համար:
«Համոզուած եմ, որ մեզ յաջողուել է դա անել: Իսկապէս, Օգոստոսի 8-ով խաղաղութիւն է հաստատուել մեր տարածաշրջանում, հիմա խնդիրն այն է, որ մենք հաստատութենական դարձնենք խաղաղութիւնը: Հաստատութենական դարձնել ասելով մենք հասկանում ենք ե՛ւ ապաշրջափակումը, ե՛ւ երէկ շատ կարեւոր իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ TRIPP-ի հետ կապուած Ուաշինկթընում, բացի դրանից՝ նաեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը եւ վաւերացումը: Քանի որ նախաստորագրում է եղել, անհրաժեշտութիւն կայ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրենք եւ վաւերացնենք, որով նաեւ կը շարունակենք խաղաղութեան հաստատութենականացման գործընթացը»,- ըսաւ ԱԽ քարտուղարը:
Խաղաղութեան հաստատութենականացման լոյսին տակ ան ընդգծեց նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու փոփոխութիւնը, որ տեղի ունեցած է վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին՝ ապաշրջափակման լայն առումով: «Վերացուել է Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան եկող ապրանքների սահմանափակումը, հնարաւորութիւն կայ եւ Ատրպէյճանի տարածքը օգտագործել, եւ Ատրպէյճանից ապրանքներ բերել Հայաստան, որն ամբողջովին տարածաշրջանը փոխել է: Անկայունութեան համաշխարհային միջավայրում մեզ յաջողուել է կայունութիւն բերել տարածաշրջանին եւ Հայաստանի համար լայն հնարաւորութիւններ բացել»,-ընդգծեց ԱԽ քարտուղարը:
Ըստ անոր՝ այդ հնարաւորութիւններուն մէկ մասը կը վերաբերի տնտեսութեան: Գրիգորեան, նայելով տնտեսական աճի թիւերուն, զբօսաշրջիկներու այցերու թիւերուն, կը կարծէ, թէ տնտեսութիւնը շատ դրական արձագանգած է:
«Դրանք բոլորը ցոյց են տալիս, որ Հայաստանում եւ տարածաշրջանում մեծ հնարաւորութիւններ են ստեղծուել, եւ կայ կայունութիւն: Գիտէք, որ կայունութեանն ամենաշատն արձագանգում է փողը: Տարբեր ուղղութիւններով կան այդ կայունութեան ազդակները»,- նշեց Գրիգորեան:
Ան կարեւորեց այն հնարաւորութիւնները, որոնք բացուած են կայունութեան տեսանկիւնէն: Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը վստահեցուց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ աշխատիլ այս ուղղութեամբ:

