Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ’առաջարկուի Որոշակի Ժամկէտով Կասեցնել Արշակ Արքեպիսկոպոսին Զբաղեցուցած Բոլոր Պաշտօնները

Կ’առաջարկուի Որոշակի Ժամկէտով Կասեցնել Արշակ Արքեպիսկոպոսին Զբաղեցուցած Բոլոր Պաշտօնները

by MassisPost

Համացանցին վրայ կը շրջանառուի Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ուղղուած նամակ մը, որ կը վերագրուի Արշակ սրբազանին հարցը ուսումնասիրող Էջմիածնական յանձնախումբին: Նամակին տակ անդամ 7 եպիսկոպոսներու եւ արքեպիսկոպոսներու անուններն են, ոմանց ստորագրութիւնները: Նամակով անոնք կ’առաջարկեն, որ վեհափառը որոշակի ժամկէտով կասեցնէ Արշակ արքեպիսկոպոսի զբաղեցուցած բոլոր պաշտօնները, եւ ան ապրի Մայր Աթոռէն դուրս, այլ վայրի մէջ, ուր կ’որոշէ կաթողիկոսը: Արդեօ՞ք սա իրական նամակ է՝ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը լուռ է:

Յանձնախումբի անդամներէն Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաճարեանը մասամբ կը հաստատէ. «Մի քանի նամակներ կան, ես չգիտեմ՝ որ մէկը ինչ նամակ է եւ այլն, բայց յանձնախումբը ինչ-որ նամակ պատրաստել է եւ վեհափառ հայրապետի ուշադրութեանն ուղարկել է»:

Արդեօք առաջարկա՞ծ են կասեցնել Արշակ սրբազանի հոգեւոր ծառայութիւնը՝ Հայկազուն արքեպիսկոպոսը ըսաւ. «Այդպիսի բան առայժմ չկայ, բայց նման մտայնութիւն կայ»:

Արքեպիսկոպոս Նաճարեան շեշտեց, որ վերջնական որոշում ամէն պարագայի դեռ չունին, ուսումնասիրութիւնը պիտի աւարտեն, պիտի սպասեն վեհափառի արձագանգին. «Սա եկեղեցու ներքին հարցն է, եկեղեցին ինքը պէտք է լուծի ինչ-որ ձեւով, եւ եկեղեցում իշխանութիւն կայ նշանակուած, յանձնախումբ կայ, որը եթէ իր աշխատանքն ամբողջութեամբ կատարի, եւ վեհափառը գոհ լինի այդ աշխատանքից, ըստ այդմ կ’արձագանգի այդ աշխատանքին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment