Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պապիկեան Հանդիպած Է ԱՄՆ Պաշտպանական Անվտանգութեան Համագործակցութեան Գործակալութեան Տնօրէնին Հետ

Պապիկեան Հանդիպած Է ԱՄՆ Պաշտպանական Անվտանգութեան Համագործակցութեան Գործակալութեան Տնօրէնին Հետ

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպած է ԱՄՆ Պաշտպանական անվտանգութեան համագործակցութեան գործակալութեան տնօրէն Մայքըլ Միլլըրի հետ:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան լրատուականին փոխանցմամբ՝ քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-ԱՄՆ գործընկերութեան ծիրին մէջ ՀՀ պաշտպանական բարեփոխումներու աջակցութեան նպատակով իրականացուող ծրագրերուն վերաբերող հարցեր:

Պապիկեան աշխատանքային այցով ԱՄՆ ժամանած էր Կիրակի օր, Ուաշինկթընի մէջ մասնակցած է AUSA միջազգային ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, շրջած է ցուցահանդէսի տաղաւարներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment