Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ ընկերային ցանցի իր էջով հրապարակած է Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ իր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի լուսանկարը: Թրամփը կից գրած է. «Մեծ պատիւ էր օգնել՝ կարգաւորելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմը եւ միաժամանակ ընկերանալ այս երկու մեծ առաջնորդներուն ու մարդոց՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ»։
Տոնալտ Թրամփ պնդած է. «Այդ ինծի համար, բայց, որ աւելի կարեւոր է, նաեւ Միացեալ Նահանգներու համար, յաւերժական ընկերութիւն պիտի ըլլայ»։
Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ երեք երկիրներու ղեկավարները համատեղ հռչակագիր ստորագրեցին, որուն կէտերէն մէկն ալ ապաշրջափակման մասին է. Երեւանն ու Պաքուն վերահաստատած են ներպետական, երկկողմ եւ միջազգային փոխադրումներու համար երկու երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութիւններու բացման կարեւորութիւնը՝ հիմնուած պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան յարգման վրայ: Անոնք նաեւ նախաստորագրած էին խաղաղութեան համաձայնագիրը:

