Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Ներդրումներ Կը Կատարէ Հայաստանի Համապարփակ Անվտանգութեան Ապահովման Գործին Մէջ «Դիմակայունութեան Եւ Աճի Ծրագրի» Միջոցով

ԵՄ-ն Ներդրումներ Կը Կատարէ Հայաստանի Համապարփակ Անվտանգութեան Ապահովման Գործին Մէջ «Դիմակայունութեան Եւ Աճի Ծրագրի» Միջոցով

by MassisPost

ԵՄ-ն ներդրումներ կը կատարէ Հայաստանի համապարփակ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ «Դիմակայունութեան եւ աճի ծրագրի» միջոցով: Այդ մասին հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակի Ֆէյսպուքի էջէն:

Հաղորդագրութեան մէջ կը ներկայացուի «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն 2025» միջազգային համաժողովի ժամանակ ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոսի ելոյթը:

«Ժողովրդավարութեան, դիմակայունութեան, ինչպէս նաեւ պետական եւ մասնաւոր հատուածներու զօրեղացումը կարեւոր է աւելի ուժեղ Հայաստան կերտելու համար:

«Այս միտքը ընդգծեց ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոսը, ելոյթ ունենալով «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն 2025» միջազգային համաժողովին մէջ, որ կազմակերպուած էր Կանայք եւ համաշխարհային անվտանգային ճարտարապետութիւնը կազմակերպութեան կողմէ:

Մեր օրինակն է փոխկապակցվածութեան ոլորտը. Եւրոպական Միութիւնը ներդրումներ կը կատարէ ռազմավարական ենթակառուցուածքային նախագիծերուն մէջ, մասնաւորապէս՝ Հիւսիս-Հարաւ երթուղիի եւ Կովկասեան ելեկտրահաղորդման ցանցի ուղղութեամբ, որ պիտի նպաստէ ելեկտրուժի առեւտուրի ընդլայնման Վրաստանի հետ։

«Շնորհակալութիւն Կանայք եւ համաշխարհային անվտանգային ճարտարապետութիւնը կազմակերպութեան համաժողովի արդիւնաւէտ կազմակերպման եւ հրաւէրի համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment