Եթէ Հայաստանը խախտէ պայմանագիրը, ԵԱՏՄ-ն ունի միջազգային-իրաւական գործիքներ՝ իր անդամ պետութիւններուն շահերը պաշտպանելու համար․ «Ռիա Նովոսթիին» տուած հարցազրոյցին յայտնած է ՌԴ Արտաքին գործերու նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու առաջին բաժնի տնօրէն Միքայէլ Աղասանդեանը:
«Եթէ Երեւանը, այնուամենայնիւ, քայլեր ձեռնարկէ, որոնք կը հակասեն ԵԱՏՄ իրաւունքին, ինչ որ, ինչպէս մենք յոյս ունինք, տեղի պիտի չունենայ, այլ կերպ ըսած՝ խախտէ ԵԱՏՄ մասին պայմանագիրը, մենք ունինք անհրաժեշտ միջազգային-իրաւական մեխանիզմներ՝ միութեան միւս անդամ պետութիւններուն շահերը պաշտպանելու համար»,- ըսած է Աղասանդեան:
Ան նշած է, որ Հայաստանը երբեք՝ ոչ հրապարակայնօրէն, ոչ ալ երկկողմ շփումներու ընթացքին, չէ յայտարարած պայմանագրէն դուրս գալու մտադրութեան մասին, ընդհակառակը՝ աշխուժօրէն կը մասնակցի Միութեան ներսը բանակցութիւններուն, ինչը կը վկայէ եւրասիական համարկման զարգացման նկատմամբ անոր հետաքրքրուածութեան մասին:
Աղասանդեան նաեւ շեշտած է, որ Եւրոմիութիւնը չի կրնար փոխհատուցել Հայաստանի տնտեսութեան համար անխուսափելի կորուստները, եթէ հանրապետութիւնը դուրս գայ ԵԱՏՄ-էն։
Ան յաւելած է, որ ռուսական կողմը հայ գործընկերներու հետ շփումներու ընթացքին կը բացատրէ ԵԱՏՄի եւ ԵՄ-ի մէջ միաժամանակ անդամակցելու անհնարինութիւնը՝ կանոններու անհամատեղելիութեան պատճառով, եւ Երեւանի մէջ կը գիտակցին ինչպէս ԵԱՏՄ-ին մասնակցելու առաւելութիւնները, այնպէս ալ դուրս գալու հետեւանքները:

