Ուժանիւթային գործարքներէն եւ աշխարհաքաղաքական զգուշաւորութենէն բթացած՝ Եւրոպայի արձագանգը Ատրպէյճանի յարձակման երկար ժամանակէ կը լռէր: Այս մասին կը գրէ «Politico»-ն իր յօդուածին մէջ՝ ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքի ղեկավար Քայա Քալլասի Ատրպէյճան կատարած այցին վերաբերեալ։
Եւրոպացի խորհրդարանականները արդէն իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Քալլասի այցին մասին։
Ապրիլի 24-ին աշխարհասփիւռ հայութիւնը յարգեց 1915 թուականի ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած 1,5 միլիոն հայերու յիշատակը։ ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քայա Քալլաս յաջորդ օր նախընտրեց այցելել Ատրպէյճան, այլ ոչ թէ հարեւան Հայաստան, ինչպէս կ’ընեն սովորաբար շատ դիւանագէտներ:
Պաքու այցը նախատեսուած էր որպէս տարածաշրջանային շրջագայութիւն:
«Ի՞նչ հաղորդագրութիւն կ’ուղարկուի, երբ եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը կը ժպտի Պաքուի տեսախցիկներուն առջեւ այն պահուն, երբ Հայաստանի քաղաքացիները ծաղկեպսակներ կը դնեն Երեւանի յուշահամալիրին մէջ զոհերու յիշատակին։ Ինչո՞ւ Քալլաս կը սիրաշահի Ատրպէյճանին այդքան զգայուն ամսաթիւին». այս հարցումները ուղղած է Մեծ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ լորտ Մարք Մաքինեսը:
«Դուք կ’այցելէք Պաքուի մենատիրական վարչակարգին եւ կը խուսափիք ժողովրդավարութենէն Երեւանի մէջ: Մինչ Ատրպէյճան կը մերժէ մեր արժէքները, Հայաստան կը մօտենայ Եւրոմիութեան»,- այս մասին գրած է Պունտեսթակի նախկին պատգամաւոր Մայքըլ Ռոթը։
Իսկ ֆրանսացի օրէնսդիր Իզապէլ Սանթիակօ ըսած է՝ սարսափելի է իմանալ, որ ԵՄ բարձր ներկայացուցիչը կը մեկնի Ատրպէյճան Ապրիլ 25-ին, մինչ հայ բանտարկեալները կը շարունակեն մնալ Պաքուի բանտերուն մէջ:
«Իրավիճակը ա՛լ աւելի կը սրի այսօրուայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ սուր հակադրութեամբ։ Վերջին ութ տարիներու ընթացքին Հայաստանը ժողովրդավարական վերածնունդ ապրած է։ 2018 թուականի թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ երկիրը բարեփոխումներ իրականացուցած է փտածութեան դէմ պայքարի եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման համար։ Ընդամէնը անցեալ ամիս Հայաստանը օրէնք ընդունեց ԵՄ անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին՝ արտացոլելով երկրի ապագան Եւրոպայի հետ կապելու ժողովրդական պահանջը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը կ’առաջնորդուի եւրոպական արժէքներով:
«Ի հակադրութիւն՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի օրօք Ատրպէյճանը դարձած է հիմնական ինքնավարութիւն: Պաքուի մէջ իշխանութիւնը կեդրոնացած է մէկ ընտանիքի ձեռքը, այլախոհությունը ճնշուած է, լրագրողները բանտարկուած են, ընտրութիւնները ձեւական են։ 2024 թուականի Փետրուարին Ալիեւ վերընտրուեցաւ հինգերորդ անգամ՝ հաւաքելով ձայներու 92 տոկոսը ընտրութիւններուն, որոնք դիտորդները անուանեցին կեղծիք։ Ալիեւի վարչակարգը նոյնիսկ Ալիեւի կինը նշանակած է փոխնախագահ։
«Միջազգային հարթակի վրայ Պաքուն ինքզինք լկտի եւ յարձակողական կը պահէ։ 2020 թուականին ան պատերազմ սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերուն դէմ՝ խախտելով փխրուն զինադադարը։ Աւելի ուշ ատրպէյճանական ուժերը շրջափակեցին եւ յարձակեցան տարածաշրջանին վրայ՝ ստիպելով աւելի քան 100 հազար հայ խաղաղ բնակիչները լքելու իրենց նախնիներուն տուները. մարդասիրական աղէտ, որ ծաւալեցաւ իրական ժամանակի մէջ, երբ Եւրոպան դիտորդի դերի մէջ էր: Մինչ օրս Ատրպէյճանը անօրինական կերպով պատանդ կը պահէ հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձեր»,- կը գրէ «Politico»-ն եւ կը յաւելէ, որ չնայած այս ամէնուն՝ այն պահէն ի վեր, երբ Եւրոպան փորձեց հրաժարիլ ռուսական կազէն, ան Ատրպէյճանին կը վերաբերէր որպէս ողջունելի գործընկեր:
«Կը թուի, թէ երբ Եւրոպան կը նայի Կովկասին, կը տեսնէ Ատրպէյճանի քարիւղի ու կազի հորերը, բայց կ’անտեսէ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնն ու անվտանգութիւնը։
«Ուժանիւթային գործարքներէն եւ աշխարհաքաղաքական զգուշաւորութենէն բթացած՝ Ատրպէյճանի վարած յարձակման միջազգային արձագանգը երկար ժամանակ տկար եղած է, բայց եւրոպական անվտանգութիւնն ու արժէքները անբաժանելի են, եւ դաշինքը չի կրնար բացառութիւններ ընել՝ չխաթարելով իր բարոյական հեղինակութիւնը։
«Պաշարման մէջ գտնուող երիտասարդ ժողովրդավարութեան՝ Հայաստանին աջակցիլը ոչ միայն ճիշդ բան է, այլեւ կը ծառայէ Եւրոպայի սեփական երկարաժամկէտ շահերուն կայուն, կանոններու վրայ հիմնուած միջազգային կարգի մէջ»,- կ’ըսուի յօդուածին մէջ:

