Իրան կ’ողջունէ տարածաշրջանին մէջ փոխադրումներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնումը, սակայն երկիրներու ինքնիշխան իրաւունքները պէտք է յարգուին:
Այս մասին ըսած է Իրանի ԱԳՆ խօսնակ Իսմայիլ Բաղային՝ պատասխանելով, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին հարցումին, կը փոխանցէ «Tasnim»-ը:
«Իրանի դիրքորոշումը յստակ է»,- ընդգծած է ան:
Ըստ խօսնակին՝ ՀՀ իշխանութիւնները բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած են ապաշրջափակելու բոլոր ճանապարհները եւ հաղորդակցութեան ուղիները, սակայն ընդգծած են, որ անոնք պէտք է ըլլան տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան ներքոյ:

