Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պապիկեան Ֆրանսայի Նախագահի Ռազմական Հարցով Խորհրդականին Հետ Քննարկած Է Պաշտպանական Համագործակցութեան Հարցեր

Պապիկեան Ֆրանսայի Նախագահի Ռազմական Հարցով Խորհրդականին Հետ Քննարկած Է Պաշտպանական Համագործակցութեան Հարցեր

by MassisPost

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, Դեկտեմբեր 16-ին, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպած է Ֆրանսայի նախագահի ռազմական հարցով խորհրդական, յատուկ ռազմական շտաբի ղեկավար, բանակի զօրավար Ֆապիեն Մանտոնի հետ:

ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Խաչատրեան։

Քննարկուած են Հայաստան-Ֆրանսա պաշտպանական համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Մանրամասն անդրադարձ կատարուած է համագործակցութեան բոլոր ոլորտներուն՝ ռազմական կրթութիւն, վարժական ծրագրեր, խորհրդատուութիւն, ռազմատեխնիկական հարցեր:

Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան խնդիրներուն առնչուող հարցեր:

Կողմերը ներկայացուցած են իրենց մօտեցումները այդ հարցերուն շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment