ԱՄՆ նախագահը իր յատուկ հարցերով օգնական, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի՝ Եւրոպայի հարցերով աւագ տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրի հետ նամակ յղած է Ատրպէյճանի նախագահին: Կը նշուի, որ Ճօ Պայտըն գոհունակութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղութեամբ յառաջընթացի առնչութեամբ, ընդգծած է, որ այդ պիտի ծառայէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։
Սպիտակ Տան ղեկավարը հաւատացուցած է, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է աջակցելու կողմերուն միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման, որ վերջ պիտի դնէ երկարամեայ հակամարտութեան։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ «Պայտըն շեշտած է, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ոչ միայն պիտի ապահովէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, այլեւ պիտի վերափոխէ ամբողջ տարածաշրջանը, պիտի ծառայէ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ առեւտուրի, ներդրումներու եւ կապերու զարգացման»:
«COP29-ի լոյսին տակ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պաքուի վրայ: Սա եզակի հնարաւորութիւն է՝ ցոյց տալու համաշխարհային հանրութեան ձեր յանձնառութիւնը խաղաղութեան: Պայմանագրի չհամաձայնեցուած կէտերուն շուրջ աշխատանքը վերջնականացնելու համար երկու կողմն ալ պէտք է ստեղծագործ մօտեցում ցուցաբերէ եւ փոխզիջումներու երթայ: Վստահ եմ, որ դուք պիտի օգտուիք այս հնարաւորութենէն: Կոչ կ’ընեմ այս տարի աւարտին հասցնելու պայմանագիրը»,- նշած է Պայտըն։
ԱՄՆ նախագահին խօսքով՝ իր վարչակազմը պատրաստ է ձեռնարկելու համարձակ նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի օգնեն ճանապարհ հարթելու դէպի խաղաղութիւն:
«Խնդրած եմ Եւրոպայի հարցով իմ օգնական Մայքըլ Քարփենթըրին ներկայացնել ձեզի որոշ քայլեր, որոնք մենք պատրաստ ենք նախաձեռնելու, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւն ստանալու Հայաստանի հետ քննարկումներու մասին»,- գրած է Պայտըն:
Նախագահը յոյս յայտնած է, որ Պաքու պիտի օգտուի առկայ հնարաւորութիւններէն, տարածաշրջանային նոր գործընթաց պիտի վերցնէ, որ հիմնուած պիտի ըլլայ ընդհանուր բարգաւաճման գաղափարի վրայ։
Թարգմանութիւնը՝ 1lurer-ուն

