Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Մեկնաբանած Են Քուրսքի Մարզին Մէջ Տիրող Իրավիճակը

ՀԱՊԿ-ի Մէջ Մեկնաբանած Են Քուրսքի Մարզին Մէջ Տիրող Իրավիճակը

by MassisPost

ՀԱՊԿ վերլուծական ծառայութիւնը կ’աշխատի շուրջօրեայ եւ ուշադիր կը հետեւի Քուրսքի մարզին մէջ իրավիճակի զարգացման։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀԱՊԿ մամուլի ծառայութիւնը՝ ի պատասխան NEWS.ru-ի հարցումին։

Ռազմական դաշինքը խոստացած է, որ Ռուսաստանի կողմէ ռազմական օգնութիւն խնդրելու պարագային սահմանուած ժամկէտերու մէջ պիտի իրականացուին բոլոր անհրաժեշտ ընթացակարգերը։

«Ռազմական հակամարտութեան անցումը ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտի սրման նոր փուլ է։ Մեր վերլուծական ծառայութիւնը կը գործէ շուրջօրեայ դրութեամբ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք իրավիճակի զարգացման եւ պիտի գործենք կազմակերպութեան կանոնադրութեան համապատասխան։ Քարտուղարութիւնը եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան համապատասխան պետական ​​մարմինները տեղեկատուութիւն կը փոխանակեն աշխատանքային կարգով: Անհրաժեշտութեան պարագային ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը սահմանուած ժամկէտի մէջ պիտի իրականացնէ նման պարագայի նախատեսուած բոլոր ընթացակարգերը»,- նշած են ՀԱՊԿ մամուլի ծառայութենէն։

Կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, որ ռազմական օգնութեան տրամադրման հարց կրնայ յառաջանալ միայն անդամ երկրի պաշտօնական խնդրանքի պարագային։ Սակայն մինչ օրս Ռուսաստանի կողմէ նման դիմում չէ եղած՝ կապուած Քուրսքի մարզին մէջ ստեղծուած իրավիճակին հետ։

Ուքրանական ուժերը Ռուսաստանի Քուրսքի մարզ ներթափանցած են Օգոստոս 6-ին։ Ըստ ուքրանական կողմին՝ իրենց վերահսկողութեան տակ անցած է 82 բնակավայր եւ 1150 քառ. քմ տարածք, գերի վերցուած է 100-է աւելի ռուս զինուոր, որոնց շարքին են նաեւ «Ախմատ» յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման մարտիկները։ Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են Քուրսքի մարզի տարբեր բնակավայրերէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment