Այսօր Եւրոպական Յանձնաժողովը Հայաստանին յատկացուցած է 34 միլիոն եւրօ՝ մասնաւոր հատուածին վրայ Ռուսաստանի կողմէ առեւտուրի սահմանափակումներուն հետեւանքները մեղմելու նպատակով։ Նախագահ վոն տեր Լայենի եւ վարչապետ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցէն ընդամէնը երկու շաբաթ անց ԵՄ-ն արդէն իսկ կ’իրականացնէ Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին աջակցութեան ուղղութեամբ ստանձնած յանձնառութիւնները։
Այս ֆինանսական աջակցութիւնը նախագահ Վոն տեր Լայենի յայտարարած համապարփակ աջակցութեան փաթեթի առաջին մասնաբաժինն է, որ կը ներառէ Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղուած առեւտուրի դիւրացման եւ համերաշխութեան միջոցառումներ։
Անցեալ ամիս կայացած ԵՄ-Հայաստան գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ ԵՄ-ն եւ Հայաստանը պիտի շարունակեն սերտ համագործակցութիւնը՝ խորացնելով գործարար կապերը եւ ընդլայնելով հայկական արտադրողներուն համար շուկաներու մատչելիութիւնը: Առեւտրային սահմանափակումներէն տուժած ոլորտները, ներառեալ գիւղատնտեսութեան պարէնային արտադրութեան, ծաղկաբուծութեան եւ արտահանման ուղղուած այլ ճիւղերը, պիտի ստանան յաւելեալ աջակցութիւն՝ առեւտուրի խթանման նախաձեռնութիւններու, գործարար կապերու հաստատման միջոցառումներու եւ շուկաներու հասանելիութեան բարձրացման ուղղուած նպատակային ծրագրերու միջոցով։
ԵՄ-Հայաստան Տնտեսական դիմակայունութեան հարցերով յատուկ խումբը կը շարունակէ կանոնաւոր հանդիպումները՝ ուղղորդելու եւ մշտադիտարկելու այդ միջոցառումներուն իրականացումը։
ԵՄ ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Մարթա Քոս նշած է.
«Եւրոպական Միութիւնը հաստատակամօրէն կանգնած է Հայաստանի՝ որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական եւ անկախ երկրի կողքին։ Մենք կը տրամադրենք ոչ միայն ֆինանսական աջակցութիւն, այլեւ կ’օգնենք Հայաստանին աւելի հեշտացնելու առեւտուրը իր հարեւաններուն եւ Եւրոպայի հետ։ Սա մեր ամենամօտ գործընկերներէն մէկուն նկատմամբ եւրոպական համերաշխութեան գործնական դրսեւորումն է»։
Յուլիս 5-ին յանձնակատար Քոս պիտի այցելէ Հայաստան՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեան շրջանակին մէջ հետագայ գործնական քայլերը քննարկելու եւ անոնց խթան հաղորդելու նպատակով։

