Սահմանադրական դատարանին որոշմամբ դատաւորներ Վլատիմիր Վարդանեանը եւ Արտակ Զէյնալեանը պիտի չմասնակցին քաղաքական եօթը ուժերու դիմումներու քննութեան:
Ըստ հրապարակուած փաստաթուղթին՝ Վարդանեանի եւ Զէյնալեանի մասնակցութիւնը գործի քննութեան անհնարին է, քանի որ անոնք «կանխակալ վերաբերմունք ունին» դատավարութեան կողմերուն նկատմամբ:
Վլատիմիր Վարդանեանը Սահմանադրական դատարան տեղափոխուած է խորհրդարանէն՝ կառավարող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութենէն, իսկ Արտակ Զէյնալեանը մինչեւ դատաւոր ընտրուիլը Արամ Սարգսեանի «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան, Երեւանի աւագանիի համանուն խմբակցութեան անդամ էր:
Աշխատակարգային մէկ այլ որոշմամբ՝ Սահմանադրական դատարանը Ուրբաթ մեկնարկող դատավարութեան որպէս «երրորդ անձ» ներգրաւած է այժմ կառավարող եւ ընտրութիւններուն յաղթած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան:
Դատավարութեանը հիմնական պատասխանող նշանակուած է Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը, յարակից պատասխաններով դատարանին առջեւ հանդէս պիտի գան Դատախազութեան, Ներքին գործերու նախարարութեան եւ Հակափտածութեան Կոմիտէի ներկայացուցիչները:

