Սահմանադրական դատարանը Յունիս 26-ին բանաւոր ընթացակարգով պիտի քննէ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքները բողոքարկող 7 քաղաքական ուժերուն դիմումները, յայտնած են Սահմանադրական դատարանէն:
«Սահմանադրական դատարանը Յունիսի 21-ի աշխատակարգային նիստում քննութեան է ընդունել ««Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնների դաշինքի, «Միասնութեան Թեւեր» կուսակցութեան, «Դեմոկրատիա Օրէնք Կարգապահութիւն» կուսակցութեան, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, «Յանուն Հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպանների դաշինք» կուսակցութեան, «Հայաստան» կուսակցությունների դաշինքի եւ «Նոր Ուժ» ռեֆորմիստական կուսակցութեան դիմումների հիման վրայ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի 2026-ի Յունիսի 14-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 2026-ի Յունիսի 7-ի հերթական ընտրութիւնների արդիւնքներն ամփոփելու մասին» թիւ 259-Ա որոշման հետ կապուած վէճի վերաբերեալ» գործերը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Սահմանադրական դատարանէն կը նշեն, որ նշուած գործերը միաւորուած են եւ պիտի քննուին դատարանի նոյն նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ 2026-ի Յունիս 26-ին՝ ժամը 11:00-ին:
Գործով զեկուցող նշանակուած է Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Է. Շաթիրեանը, միաւորուած գործին դատաքննութիւնը պիտի կայանայ բանաւոր ընթացակարգով:

