Հրապարակուած է «եկեղեցւոյ ճգնաժամը» ուսումնասիրելու նպատակով ստեղծուած յանձնաժողովի կազմը։ Կարգադրութիւնը ստորագրած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը։
Յանձնաժողովը պիտի նախագահէ ՔՊ-ական պատգամաւոր Արման Եղոյեանը։ Յանձնաժողովի անդամներն են «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներ Էտուարտ Աղաջանեանը, Տարօն Չախոյեանը, Արփինէ Դաւոյեանը, Ալխաս Ղազարեանը, Ծովինար Վարդանեանը եւ Գոռ Արշակեանը։
Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները մերժած են մասնակցիլ յանձնաժողովի քննարկումներուն։
Յանձնաժողովը կը կոչուի «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ շարք մը հոգեւորականներու գործունէութեան արդիւնքով եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած ճգնաժամի եւ անոր արդիւնքով հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ, անոր ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բացառիկ առաքելութեան չկատարման խնդիրները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողով»։

