Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոսկեպարի Եկեղեցին Պիտի Մնայ Հայաստանի Տարածքին Մէջ․ Փոխվարչապետի Գրասենեակ

Ոսկեպարի Եկեղեցին Պիտի Մնայ Հայաստանի Տարածքին Մէջ․ Փոխվարչապետի Գրասենեակ

by MassisPost

Հայաստանի փոխվարչապետ, Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը հերքած է շրջանառուող խօսակցութիւնները, թէ Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղին մէջ գտնուող՝ 6-7-րդ դարերու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին պիտի յանձնուի Ատրպէյճանին։

Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն «Արմէնփրես»ին հաւաստիացուցած են, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելէ յետոյ Ոսկեպարի եկեղեցին պիտի մնայ Հայաստանի տարածքին մէջ։

Նշենք, որ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերու որոշ բնակիչներ եւ Երեւանէն ժամանած հասարակական գործիչներ ու աքթիվիսթներ փորձած էին խոչընդոտել նախատեսուած ականզերծման աշխատանքները:

Իրաւապահները բնակիչներուն կոչ ըրած էին, յորդորած էին հեռանալ ականապատ տարածքներէն՝ անցանկալի պատահարներէ խուսափելու համար, ինչն ալ պարբերաբար լարուածութիւն յառաջացուցած էր իրաւապահներուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ: Հաւաքուածները պնդած էին, թէ եկեղեցին պիտի մնայ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ:

Աւելի վաղ նշուած էր, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ ստեղծուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմաններու սահմանազատման եւ սահմաններու անվտանգութեան յանձնաժողովին» կից աշխատանքային խումբ, որուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ վարչական ղեկավարներ եւ բնակիչներ Ոսկեպար, Կիրանց, Բաղանիս եւ Բերքաբեր բնակավայրերէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment