Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Կողմէ Զինատեսակներու Ձեռքբերումը Միտուած Է Տարածաշրջանին Մէջ Հաւասարակշռութեան Վերականգնման. Քոչարեան

Հայաստանի Կողմէ Զինատեսակներու Ձեռքբերումը Միտուած Է Տարածաշրջանին Մէջ Հաւասարակշռութեան Վերականգնման. Քոչարեան

by MassisPost

Հայաստանի կողմէ զինատեսակներու ձեռքբերումը միտուած է տարածաշրջանին մէջ սպառազինութեան խախտուած հաւասարակշռութեան վերականգնման:

Այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը լրագրողներու հետ զրոյցին:

«Մենք հիմա կեդրոնացած ենք պաշտպանական խնդիրների լուծմամբ՝ լինի ճարտարապետական բնոյթի, հակաօդային պաշտպանութեան: Մեր ձեռքբերած կամ ձեռքբերուելիք զինատեսակները միտուած են տարածաշրջանում սպառազինութեան խախտուած հաւասարակշռութեան կարգաւորմանը, որովհետեւ դրա խախտումն էր, որ հակառակորդին տուեց հնարաւորութիւն՝ անցնել ռազմական գործողութիւնների, մէկ անգամ՝ 2016 թուականին, լայնամասշտաբ՝ 2020-ին», ըսաւՔոչարեան:

Ան կը կարծէ, որ եթէ Զինուած ուժերը իր բարեփոխումներու ծաւալը շարունակական դարձնէ, ոչ միայն հաւասարակշռութիւըն պիտի վերականգնուի, այլ նաեւ բանակին մէջ ծառայողները պիտի ունենան այդ ամէնը տնօրինելու հմտութիւններ: Անոր միտուած են նաեւ բազմաթիւ այլ ծրագրեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment