Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ու Փաուըր Քննարկած Են ՀՀ Կառավարութեան Եւ ԱՄՆ ՄԶԳ-ի Միջեւ Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Փաշինեան Ու Փաուըր Քննարկած Են ՀՀ Կառավարութեան Եւ ԱՄՆ ՄԶԳ-ի Միջեւ Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պելճիքայի մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են ՀՀ կառավարութեան եւ ԱՄՆ ՄԶԳ-ի միջեւ համագործակցութեան, ընթացիկ ծրագրերուն եւ յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, տարբեր ուղղութիւններով հաստատութենական բարեկարգումներու արդիւնաւէտ իրականացման ԱՄՆ ՄԶԳ-ի կողմէ հետագայ աջակցութեան:

Վարչապետը ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ հետեւողական քայլերը բարեփոխումներու ուղղութեամբ եւ ընդգծած է, որ այն ունի ռազմավարական նշանակութիւն:

Սամանթա Փաուըր նշած է, որ ԱՄՆ ՄԶԳ-ն պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ պատրաստ է շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելու ՀՀ կառավարութեան ծրագրերուն՝ ի նպաստ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ զարգացման:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ քայլերուն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուած ծրագրերն ու հետագայ քայլերը:

Վարչապետը կարեւորած է միջազգային գործընկերներու, այդ շարքին ԱՄՆ-ի կողմէ բռնի տեղահանուածներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը եւ ընդգծած է անոր շարունակական ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Այս ծիրին մէջ քննարկուած են բռնի տեղահանուածներուն աջակցութեան հետագայ քայլերուն, մասնաւորապէս, բնակարանային ապահովման խնդիրին վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment