Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Կեղծիքներու Տարածմամբ Կը Փորձէ Իրավիճակի Սրման Պատասխանատուութիւնը Նետել ՀՀ-ի Վրայ. Ֆրանսայի ԱԳ Նախարարը՝ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարին

Պաքուն Կեղծիքներու Տարածմամբ Կը Փորձէ Իրավիճակի Սրման Պատասխանատուութիւնը Նետել ՀՀ-ի Վրայ. Ֆրանսայի ԱԳ Նախարարը՝ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարին

by MassisPost

Ֆրանսան կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Սթեֆան Սեժուրնէն ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ համատեղ ճեպազրոյցին ընթացքին։ Ֆրանսան եւ ԱՄՆ-ն անհանգստացնող հարցերու շարքին է իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, նշած է Սեժուրնէն։ Ատրպէյճանը կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ Փարիզ մտահոգութիւն կը յայտնէ պաշտօնական Պաքուի նախայարձակ գործողութիւններուն եւ հռետորաբանութեան առնչութեամբ, նշած է Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը։

«Այդ կը ներառէ Պաքուի կողմէ տարածուած կեղծիքներու տարածումը, որ կը փորձէ իրավիճակի (հնարաւոր) սրման պատասխանատուութիւնը նետել Հայաստանի վրայ», յաւելած է Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը։

Դիմելով Պլինքընին՝ ան նշած է, որ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն նաեւ այդ շարքին Պաքուի մէջ (Նոյեմբերին) ՄԱԿ-ի կլիմայի COP 29 համաժողովի հարցով յառաջիկայ խորհրդակցութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment