Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Եւս Մէկ Հայկական Եկեղեցի Հանուած Է Վաճառքի

Թուրքիոյ Մէջ Եւս Մէկ Հայկական Եկեղեցի Հանուած Է Վաճառքի

by MassisPost

Թուրքիոյ Սիվաս (Սեբաստիա) նահանգին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին հանուած է վաճառքի:

Կը նշուի, որ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն յետոյ լքուած եկեղեցին տեղաբնակ Հաթիճէ Աքայ անունով մէկուն սեփականութիւնը դարձած է, ով ալ, որոշելով վաճառել զայն, դիմած է անշարժ գոյքի գործակալութիւն:

Անշարժ գոյքի գործակալն ալ թրքական «DHA» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցին յայտնած է, որ եկեղեցին վաճառելու հարցով խոչընդոտներ չկան:

«Կայ սեփականութեան վկայական եւ չկան խոչընդոտներ վաճառքի հարցով: Եկեղեցին առաջին աստիճանի պահպանուող տարածք է եւ կը գտնուի պաշտպանութեան ներքոյ: Այսօրուընէ այն հանած ենք վաճառքի եւ անոր դիմաց կ’ուզենք 16 միլիոն լիրա (շուրջ 500.000 տոլար):

Նշենք, որ եկեղեցին կը գտնուի Կյոյտիւն գիւղին մէջ եւ կառուցուած է 19-րդ դարուն: Այն 2012-ին արձանագրուած է որպէս առաջին խումբի պահպանութիւն պահանջող մշակութային անշարժ գոյք:

Սրբատաշ քարերով կառուցուած հայկական եկեղեցիի ներքին եւ արտաքին պատերուն փորագրուած են խաչի պատկերներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment