Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Մեկնարկած Է «AMADEE-24»-ի՝ «Հայաստանէն Դէպի Մարս» Գիտարշաւը

Հայաստանի Մէջ Մեկնարկած Է «AMADEE-24»-ի՝ «Հայաստանէն Դէպի Մարս» Գիտարշաւը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ մեկնարկած է տիեզերական ոլորտին մէջ հեղինակաւոր «AMADEE-24»-ի առաքելութեան «Հայաստանէն դէպի Մարս» վերտառութեամբ գիտարշաւը, որուն գլխաւոր հովանաւորը «GTB holdings»-ն է։

Մէկ ամիս շարունակ համանման տիեզերագնացները պիտի պատրաստուին դէպի Հրատ (Մարս) թռիչքներուն։ Շուրջ 200 հետազօտող 25 երկրէ ժամանած են Հայաստան՝ մասնակցելու համաժողովին։ Միջոցառման կը մասնակցի նաեւ Պոպպի Քանկը, GTB Holdings-ի համահիմնադիրը։

Բարձր պատրաստուածութեամբ աժհամանման տիեզերագնացներու փոքր խումբը, որուն անդամներն են Իտալիայէն Հայաստան ժամանակ օդատիեզերական ճարտարապետ Սիմոնէ Փաթերնոսթրօն, Գերմանիայէն՝ արհեստական բանականութեան փորձագէտ Գարմէն Քելերը, Սպանիայէն՝ աստղաբնագէտ Ինիկօ Մունյոզ Էլորսան, Հոլանտայէն՝ աստղաբնագէտ Թոմաս Վիյենը։ Գիտնականներու խումբը կը ղեկավարեն առողջապահութեան փորձագէտ Անիքա Մեհլիսը եւ բնագէտ Ռոպերթ Ուայլտը։ Գիտնականները տարբեր գիտափորձեր պիտի կատարեն՝ հիմք նախապատրաստելով մարդոց եւ ռոպոթներու մասնակցութեամբ Հրատի ապագայ առաքելութիւններուն համար։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment