Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետը Եւ Պունտեսթակի Յանձնաժողովի Նախագահը Միտքեր Փոխանակած Են Հայաստան-ԵՄ Համագործակցութեան Խորացման Շուրջ

ՀՀ Վարչապետը Եւ Պունտեսթակի Յանձնաժողովի Նախագահը Միտքեր Փոխանակած Են Հայաստան-ԵՄ Համագործակցութեան Խորացման Շուրջ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Գերմանիոյ Պունտեսթակի իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Էլիզապէթ Վինքելմայեր-Պեքերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ ընդգծած է Գերմանիոյ հետ համագործակցութիւնը հետեւողական կերպով զարգացնելու եւ ընդլայնելու կարեւորութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ վերջին տարիներուն քաղաքական, տնտեսական փոխգործակցութիւնը կը կրէ յարաշարժ բնոյթ եւ ընդգծած է երկկողմ բարձր մակարդակի, ինչպէս նաեւ միջխորհրդարանական երկխօսութեան փաստը:

Վարչապետը շեշտած է Գերմանիոյ աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ յառաջմղման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման գործին մէջ: Այս առումով, Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է վարչապետ Օլաֆ Շոլցի ներդրումը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ ընդգծած է նախորդ տարուան աշնան Կրանատայի մէջ Գերմանիոյ վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին եւ իր քառակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած սկզբունքներուն կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Գերմանիա, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորացման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան եւ այլ հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment