Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ռուսաստանէն Անջատուելու Քայլեր Կ’ընէ, Սակայն Անոնք Բաւարար Չեն․ Արամ Սարգսեան

Հայաստանը Ռուսաստանէն Անջատուելու Քայլեր Կ’ընէ, Սակայն Անոնք Բաւարար Չեն․ Արամ Սարգսեան

by MassisPost

«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը քաղաքական բեւեռի փոփոխման կողմնակից է, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեանը՝ չհերքելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այսօր քայլեր կ’ընեն Ռուսաստանէն անջատուելու ուղղութեամբ, սակայն անոնք, ըստ կուսակցութեան առաջնորդին բաւարար չեն։

Սարգսեանի խօսքով՝ արտաքին քաղաքական ընթացքի ամբողջական փոփոխութիւն հարկաւոր է։

«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավարը, մասնաւորապէս, ընդգծեց Հայաստանի՝ այլընտրանքային զէնքի գնումները ինչպէս Եւրոմիութենէն, այնպէս ալ Հնդկաստանէն, Հայաստանի չմասնակցիլը ՀԱՊԿ միջոցառումներուն, Հռոմի կանոնադրութեան ընդունումը, Հայաստան-Ատրպէյճան փոխյարաբերութիւններու ճշդման փորձերը արեւմտեան հարթակներու վրայ, փաստաթուղթերու ստորագրումը Փրակի եւ Կրանատայի մէջ։

«Էս ամէն ինչը կայ, բաւարա՞ր են սրանք, չգիտեմ, իմ կարծիքով՝ ոչ։ Մենք գտնում ենք, որ արտաքին քաղաքական ընթացքի ամբողջական փոփոխութիւն է անել պէտք եւ քաղաքական բեւեռի փոփոխութիւն է մտցնել պէտք», ըսաւ Սարգսեան՝ միեւնոյն ժամանակ Երեւանի մտավախութիւններն ընդգծելով։

«Ինչպէս նախկին իշխանութիւններն, այնպէս էլ այսօրուայ իշխանութիւնները, լուրջ մտավախութիւններ ունեն Ռուսաստանի հետ կապուած եւ այդ մտավախութիւնները նաեւ ինչ-որ տեղ տեղին են, որովհետեւ Ռուսաստանը այնպիսի երկիր է, որն ընդունակ է ահաբեկչական արարքներից սկսած մինչեւ տարբեր տեսակի գրգռութիւններ, տնտեսական տարբեր դրդապատճառներով ճնշումներ եւ այլն, այսինքն՝ քրէական մշակոյթում դրան ասում են օրէնքից դուրս՝ բեսպրեդել, որը նշանակում է որեւէ սրբութիւն չունեցող երկիր, որը իր շահերի համար ցանկացած քայլի գնացող է, եւ այս հանգամանքը լուրջ վախերի խնդիր է առաջացնում, կարծում եմ, այսօրուայ Հայաստանի իշխանութիւնների մօտ», ըսաւ Սարգսեան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment