Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ Կանոնադրութիւնը Չի Նախատեսեր «Սառեցուած Անդամակցութիւն» Կարգավիճակ․ Մոսկուան Յստակացում Կը Պահանջէ Երեւանէն

ՀԱՊԿ Կանոնադրութիւնը Չի Նախատեսեր «Սառեցուած Անդամակցութիւն» Կարգավիճակ․ Մոսկուան Յստակացում Կը Պահանջէ Երեւանէն

by MassisPost

Քրեմլինը մտադիր է ամբողջութեամբ յստակացնել Երեւանի դիրքորոշումը Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան մասնակցելու հարցով, քանի որ այդ կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը չի նախատեսեր «սառեցուած անդամակցութիւն» կարգավիճակ։

Այս մասին, interfax.ru-ի փոխանցմամբ, ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ պատասխանելով ՀԱՊԿ-ին անդամակցութեան սառեցման մասին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան։

Լրագրողներու այն հարցումին, թէ այս կազմակերպութեան անդամակցութիւնը սառեցնելէ յետոյ յստակութիւն կա՞յ ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան Հայաստանի հետագայ մասնակցութեան հարցով, Փեսքով պատասխանած է. «Ոչ, դեռ չկայ։ Այստեղ մենք բաւականին յաճախակի շփումներ կ’ունենանք մեր հայ գործընկերներուն հետ, եւ, ի հարկէ, այդ պիտի յստակացնենք, որովհետեւ եթէ ելլենք համապատասխան փաստաթուղթերէն, ապա նման կարգավիճակ, տէ իւրէ, պարզապէս գոյութիւն չունի ՀԱՊԿ ծրագրին մէջ։ Մենք պիտի իմանանք»։

Յիշեցնենք՝ ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի մասնակցութիւնը սառեցուած ըլլալու մասին յայտնած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «France24»-ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ:

«Ռուսաստանի ազդեցութեան տակ գտնուող ՀԱՊԿ-ում Հայաստանի անդամակցութիւնը սառեցուած է», ըսած էր ան:

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն մեկնաբանած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի մասնակցութիւնը սառեցնելու մասին յայտարարութիւնը։ Ան ըսած է, որ հանգիստ կ’արձագանգէ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, ըստ որուն՝ ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի մասնակցութիւնը սառեցուած է։ «ՀԱՊԿ-ը առանց Հայաստանի չի փլիր», մասնաւորապէս ըսած է Լուքաշենքօն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment