Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձերբակալուած Է Սամուէլ Շահրամանեանի Թիկնազօրի Աշխատակից Աշոտ Դանիէլեանը

Ձերբակալուած Է Սամուէլ Շահրամանեանի Թիկնազօրի Աշխատակից Աշոտ Դանիէլեանը

by MassisPost

Ներքին գործերու նախարարութեան մամուլի քարտուղարին փոխանցմամբ, նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ:

«Ազատութեան» տեղեկութիւններով՝ ձերբակալուած է Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի թիկնազօրի աշխատակից Աշոտ Դանիէլեանը:

«Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին Ներքին գործերու նախարարութեան մամուլի քարտուղար Նարեկ Սարգսեանը, առանց անձին անունը նշելու, հաստատեց. «Մոսկովեան փողոցից քրէական ոստիկանութեան եւ պարեկային ծառայութեան աշխատակիցները՝ թմրանիւթ պահելու եւ իրացնելու կասկածանքով ձերբակալել են մի քաղաքացու, որին տեղափոխել են կեդրոնական բաժին, այնուհետեւ ներկայացրել նախաքննական մարմին»:

Քննչական կոմիտէէն «Ազատութեան» յայտնեցին՝ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ թմրամիջոց պահելու եւ իրացնելու յօդուածներով:

«Քննիչի որոշմամբ, նշուած յանցաւոր արարքներն առերեւոյթ կատարելու հիմնաւոր կասկածի հիմքով այդ անձը ձերբակալուել է», նշեց կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը:

Նախօրէին Շահրամանեանի աշխատակիցին մասնակցութեամբ միջադէպ տեղի ունեցած էր «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ․ Աշոտ Դանիէլեանը հայհոյած էր Արցախի նախագահին հարցումներ ուղղած լրագրողին: Աւելի ուշ, Արցախի տեղեկատուական շտաբը յայտարարութիւն տարածած էր՝ նշելով, որ կը ցաւին միջադէպին համար ու կը հայցեն լրագրողներուն ներողամտութիւնը:

«Անթոյլատրելի որակելով տեղի ունեցածը՝ նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը միջադէպից ժամեր անց ընդունել է լրատուամիջոցի ներկայացուցիչներին, լսել նրանց ու դատապարտել կատարուածը», յաւելած էին Տեղեկատուական շտաբէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment