Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելոս Մէջ Ճաբոն-Հայաստան Բարեկամութեան Երեկոյթ

Լոս Անճելոս Մէջ Ճաբոն-Հայաստան Բարեկամութեան Երեկոյթ

by MassisPost

Անցեալ Հինգշաբթի, Փետրուարի 8-ին, 2024, շքեղ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի «Արմէն Համբարՙ սրահին մէջ, նուիրուած Ճաբոն-Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին:Սոյն պատմական իրադրութեան ներկայ էին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Լոս Անճելոսի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ՝ Փոլ Գրիգորեան, հիւրաբար քաղաքս գտնուող Ռումանիոյ Հայոց առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեան, Լոս Անճելոսի Հայաստանի աւագ հիւպատոս՝ Կարէն Իսրայէլեան, տեղւոյս Ճաբոնի աւագ հիւպատոս՝ Գէնգօ Սոնէ, ինչպէս նաեւ թեմական ղեկավարներ ու տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Գործադրուեցաւ խնամուած յայտագիր մը հանդիսավարութեամբ երիտասարդ իրաւաբան Մայք Տէմիրճեանի: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդ Յովնան Սրբազան եւ իր տպաւորութիւնները յայտնեց պատուիրակութեամբ մը Ճաբոն կատարած ուղեւորուեան մասին: Ան յատուկ դրուատանքով արտայայտուեցաւ Ճաբոնի ժողովուրդին, երկրի գեղեզցկութեան« յառաջդիմութեան, այլազան առանցնայատկութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուած մարդասիրական վերաբերմունքին մասին: Ելոյթներ ունեցան նաեւ Հայաստանի եւ Ճաբոնի աւագ հիւպատոսներ Կարէն Իսրաէյլեանն ու Գէնգօ Սոնէն: Անոնք իրենց գոհունակութիւնն արտայայտեցին անցնող 30 տարիրներու ընթացքին երկու երկիրներու միջեւ ստեղուած դիւանագիտական կապերու հաստատման առթիւ, տարբեր ոլորտներու մէջ արձանագրուած յառաջընթացին մասին:

Լոս Անճելոսի Քաղաքապետութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Փոլ Գրիգորեան եւ իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց երկու երկիրներու միջեւ ստեղծուած բարեկամական ամուր կապերու համար, մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ տարբեր բնագաւառներու մէջ: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հռչակագիրներու փոխանակում:

Հետաքրքրական զրոյցներով հանդէս եկան Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ԱՄՆի Վարչութեան ատենապետ Մարիա Միհրանեան եւ Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետարանի վերակացու՝ Ռուբիկ Կոլանեան: Անոնք յատուկ պատուիրակութիւններով Ճաբոն կատարած զբօսաշրջական այցելութիւններուն կապակցութեամբ խօսքելով՝ դրուատանքով արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւնները, երկրի պատմական ու տեսարժան վայրերու մասին: Նշենք նաեւ որ ներկաները՝ բովանդակ երեկոյթի ընթացքին, սահիկներու միջոով, ծանօթացան Ճաբոնին եւ անոր գեղատեսիլ ու յիշարժան շրջաններուն:

Երեկոյթի գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Voce Dell, Orchestra   նուագախումբի քառեակը, ղեկավարութեամբ՝ Աշոտ Տումանեանի (ջութակ) եւ նուագակցութեամբ Պետրոս Պոյաճեանի, Արսէն Յովսէփեանի (ջութակ) եւ Կարիկ Թերեզեանի ¯թաւջութակ, որոնք մեծ ապրումով մեկնաբանեցին անմահն Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: Ինքնատիպ պարով մը ելոյթ ունեցաւ ճաբոնուհի արուեստագէտ պարուսոյց Պանտօ Հիտօսէմին:  Արդարեւ, ան իր ազգային գունագեղ տարազով, տպաւորեց ներկաները, ճաբոնական դասական ինքնուրոյն եւ խորհրդաւոր մենապարով:

Իր փակման խօսքին մէջ առաջնորդ Յովնան Սրբազան, շնորհակալութիւն յայտնեց հայ-ճաբոնական յարաբերութիւններու նուիրուած սոյն յիշատակելի միջոցառումի մասնակիցներուն: Աւարտին՝ տեղի ունեցաւ հայ-ճաբոնական գինիի« ուտեստեղէնի եւ աղանդերներու հիւրասիրութիւն:

Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment