Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ Երդուելէ Յետոյ Սպառնալիքներ Հնչեցուցած Է Հայաստանի Եւ Միջազգային Հանրութեան Հասցէին

Ալիեւ Երդուելէ Յետոյ Սպառնալիքներ Հնչեցուցած Է Հայաստանի Եւ Միջազգային Հանրութեան Հասցէին

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը պաշտօնապէս երդուեցաւ՝ շարունակելով երկրին կառավարումը հերթական ժամկէտով:

Երդմնակալութեան արարողութենէն յետոյ ան հանդէս եկած է ելոյթով, որուն մէջ, ինչպէս կարելի էր կանխատեսել, կրկին յիշած ու յիշատակած է Հայաստանը, միջազգային հանրութիւնը, սպառնալիքներ հնչեցուցած եւ «զգուշացումներ» տուած է:

Ալիեւը, մոռնալով ուժերու եւ ռազմասարքի խիստ անհաւասարութիւնը, վարձկան ահաբեկիչները ու Թուրքիոյ օգնութիւնը, «աքլորանալով» յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի բանակը իր ուժը ցոյց տուած է ոչ թէ զօրավարժութիւններու կամ շքերթներու, այլ՝ մարտի դաշտին մէջ։

«Հայաստանը եւ անոր ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերողները պէտք է իմանան, որ մեզ ոչինչ կրնայ կանգնեցնել», յոխորտացած է ան, ապա յայտարարած, թէ իբր Հայաստանը Ատրպէյճանին կեղծ պահանջներ կը ներկայացնէ, որ կը խանգարէ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման:

«Եթէ մեր դէմ ուղղուած տարածքային պահանջներուն վերջ չդնեն, եթէ Հայաստանը իր օրէնսդրութիւնը չվերադարձնէ բնականոն հուն, ապա, բնականաբար, խաղաղ պայմանագիր չ’ըլլար», սպառնացած է Պաքուի բռնապետը:

Հայաստանէն սահուն անցում կատարելով միջազգային հարթակներուն եւ Հայաստանին այս կամ այն կերպ աջակցող երկրներուն՝ Ալիեւ յայտարարած է, թէ որոշ երկիրներ «կ’ուզեն ստանձնել համաշխարհային հանրութեան գործառոյթները եւ կը փորձեն խօսիլ անոր անունով, իսկ երբ ըսելիք չկայ, կը յայտարարեն, որ միջազգային հանրութիւնը դրական պիտի չընկալէ այս կամ այն հարցը»:

Այս մասին խօսելու ժամանակ ան բորբոքած է, ապա՝ կարեւոր դէմքով յայտարարած. «Քանի  հովանաւոր ալ ունենայ Հայաստանը, ոչ ոք մեզ կրնայ կանգնեցնել։ Մենք Հայաստանի տարածքին նկատմամբ յաւակնութիւններ չունինք, բայց իրենք ալ պէտք է հրաժարին իրենց անհիմն պահանջներէն: Ընդամէնը 20-30 երկիր չի կրնար խօսիլ միջազգային հանրութեան անունով։ Իսկ միջազգային հանրութիւնը մեր կողքին է, եւ Ղարաբաղեան Երկրորդ պատերազմին ժամանակ՝ հակաահաբեկչական գործողութեան ժամանակ, միջազգային հանրութիւնը մեզի աջակցեցաւ։ Ատրպէյճանի միջազգային հեղինակութիւնը, կը կարծեմ, այսօր ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ»։

Երդմնակալութեան արարողութեան ժամանակ Իլհամ Ալիեւ նաեւ «ուղերձ» յղած է անոնց, որոնք կ’ուզեն քննարկել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները, ընդ որում՝ երկու երկիրներուն միջեւ միջնորդութիւնը, ըսելով որ այս հարցին մէջ միջնորդներ պէտք չեն։

«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը պէտք չէ մնայ միջազգային օրակարգին վրայ: Ով չ’ալարիր, կը սկսի խօսիլ այս մասին ու զբաղիլ այս հարցով: Գացէք եւ զբաղուեցէք ձեր գործով: Մենք մեր հարցը լուծած ենք», յայտնած է ան։

Պաքուի ղեկավարը, ինչպէս միշտ, սեփական յանցանքները վերագրած է Հայաստանին ու նշած, թէ իբր հերթական անգամ ականատես կ’ըլլան իրենց նկատմամբ տարածքային պահանջներու․ «Հայաստանը կարծես թէ մոռցած է Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին արդիւնքները։ Կամ գուցէ մէկը անոնց խրախուսած է, որ ընդհանրապէս չկատարեն այդ պարտաւորութիւնները»:

Շարունակելով մեծամտանալ ու պարծենալ, մոռնալով Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ շարք մը այլ երկիրներու ակնյայտ աջակցութիւնը, խօսքի ազատութեան սահմանափակումները՝ վերջինս նաեւ ասած է, թէ 20 տարիէ աւելի կը ղեկավարէ Ատրպէյճանը, բայց ոեւէ մէկէն ոչինչ խնդրած է։

Այս ծիրին մէջ ան յաւելած է, թէ Ատրպէյճանը երկկողմ ձեւաչափով համագործակցութեան կողմնակից է, կը վարէ բարի վերաբերմունք իւրաքանչիւրին նկատմամբ եւ չի միջամտեր այլոց գործերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment