Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրութեան Ընդունման Վերաբերեալ Որոշում Կրնայ Կայացնել ՀՀ Ժողովուրդը՝ Իր Ազատ Կամարտայայտմամբ. Փաշինեան

Սահմանադրութեան Ընդունման Վերաբերեալ Որոշում Կրնայ Կայացնել ՀՀ Ժողովուրդը՝ Իր Ազատ Կամարտայայտմամբ. Փաշինեան

by MassisPost

«Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան ընդունման վերաբերեալ որոշում կարող է կայացնել Հայաստանի ժողովուրդը՝ իր ազատ կամարտայայտմամբ, ուրիշ տարբերակ չկայ»:

Այս մասին Կառավարութիւն-Ազգային ժողով հարցուպատասխանի ժամանակ ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանի այն դիտարկման, թէ Սահմանադրութիւն ընդունելու մասին վարչապետի յայտարարութեան շարք մը շրջանակներու կողմէ հետեւեցան շահարկումներ, թէ այդ յայտարարութիւնը ուղղուած է ոչ թէ ներքին լսարանին, այլ միտուած է սպասարկելու օտար ուժերու պահանջին:

Վարչապետը նշեց՝ երկրորդ թեզի կողմնակիցները հետեւեալը կը զարգացնեն, թէ սա կը կատարուի խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար. «Այստեղ խնդիրը բացարձակապէս խաղաղութեան պայմանագրի մասին չէ եւ չի կարող լինել: Սահմանադրութիւնը, էական փաստաթուղթ լինելով, առաջին հերթին ներքին կեանքի կազմակերպման համար է, բայց ցանկացած երկրի սահմանադրութիւն կարգաւորում է նաեւ արտաքին յարաբերութիւնները: Բայց այդտեղ կապերը բոլորովին ուրիշ կերպ են աշխատում: Անընդհատ մենք խօսում ենք Ատրպէյճանի եւ Թուրքիայի մասին, բայց ընդհանուր առմամբ պէտք է արտաքին աշխարհի հետ մեր յարաբերութիւնների մասին մտածենք նոր պայմաններում, որովհետեւ աշխարհում ոչ մի բան այլեւս այն չէ, ինչ որ եղել է գործող Սահմանադրութեան ընդունման պայմաններում»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment