Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Աւագանին Դադրեցուց Հայկ Մարութեանի Լիազօրութիւնները

Երեւանի Աւագանին Դադրեցուց Հայկ Մարութեանի Լիազօրութիւնները

by MassisPost

Ձայներու 34 կողմ, 0 դէմ ու ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ, Երեւանի աւագանին դադրեցուց ընդդիմադիր «Ազգային Առաջընթաց» խմբակցութեան անդամ, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի լիազօրութիւնները։

«Դա ապահովեց «Հանրային Ձայն» խմբակցութիւնը։ Եկաւ առաջին օրուանից ընտրեց Աւինեանին, հիմա էլ, բնականաբար, իրենց մէջ խժդժութիւն եղաւ, քանդուեցին, տեղի ունեցաւ քաղաքական անասնագողութիւն եւ հիմա էդ առիթով տեսնում էք, որ ապահովում են քվորումը», լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ Մարութեան՝ յիշեցնելով, որ ամսուն 5-ին էր նիստը նախատեսուած, յետաձգուեցաւ։

«Երեւի կաթիլայինից մէկին հանել բերել են, կամ «Հանրային Ձայն»-ի վերջին բանակցութիւններն էին տանում, ես չգիտեմ՝ էնտեղ փող է, վախեցնել է, խոստումներ են», ըսաւ Մարութեան։

Երեւանի նախկին քաղաքապետը, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ 2026-ին պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն, նոր կոսակցութիւն պիտի հիմնեն, վարչապետի թեկնածուն ալ ինք պիտի ըլլայ։

Իշխանականներուն մէկ ձայն հարկաւոր էր Մարութեանի լիազօրութիւնները աւագանիին մէջ դադրեցնելու համար։ Քվորումը ապահովեցին «Հանրային Ձայն» խմբակցութեան ղեկավար Վահան Աւագեանը եւ Վահէ Եսայեանը՝ ներկայանալով նիստին։

Կուսակցութեան նախկին առաջնորդ Վարդան Ղուկասեանը նախօրէին յայտնած էր, որ «Հանրային Ձայն»-էն ոեւէ մէկը պիտի չմասնակցի աւագանիի նիստին։ Աւագեանը արձագանգած էր․ «Մեր կուսակցութեան նախագահը Արտակ Գալստեանն է»:

Աւագանին մանտաթէն զրկեց նաեւ «Մայր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Նարինէ Հայրապետեանը, Սոնա Աղեկեանը, իսկ Զարուհի Փոստանճեանն ու Գէորգ Ստեփանեանը պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը աւագանիին մէ’։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment