Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Վիքթոր Օրպանի Հետ Քննարկած Է Տարածաշրջանային Եւ Համաշխարհային Անվտանգային Հարցեր

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Վիքթոր Օրպանի Հետ Քննարկած Է Տարածաշրջանային Եւ Համաշխարհային Անվտանգային Հարցեր

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Հունգարիա գտնուող նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հանդիպած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ: Անոնք քննարկած են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգային հարցեր։

ՀՀ նախագահը վերահաստատած է կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու եւ հարեւաններուն հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ձեւաւորելու Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնէական եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցերուն վերաբերեալ, կարեւորած են Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան խորացումը:

«Այս հանդիպումները կարեւոր են մեր երկիրներու յարաբերութիւններու ներկայիս փուլին: Յոյսով եմ նաեւ, որ անոնք դրականօրէն պիտի ազդեն նաեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման», ըսած է Օրպան։

«Մենք դժուար ժամանակներ ենք յաղթահարել եւ հիմա պատրաստ ենք ջանքեր ներդնել մեր երկրների յարաբերութիւնների զարգացման ուղղութեամբ, այդ թւում նաեւ նկատի ունենալով այն, որ Հունգարիան առաջիկայում ստանձնում է Եւրոմիութեան նախագահութիւնը: Յուսով եմ, որ Եւրոմիութեան եւ միջազգային այլ հարթակներում մենք կ’ունենանք արդիւնաւէտ համագործակցութիւն», նշած է Հայաստանի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment