Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Իշխանամէտ Մամուլը Կը Պնդէ, Թէ «Երեւանն Ու Փարիզը Սահմանին Տեղային Գործողութիւն Կը Ծրագրեն»

Ատրպէյճանի Իշխանամէտ Մամուլը Կը Պնդէ, Թէ «Երեւանն Ու Փարիզը Սահմանին Տեղային Գործողութիւն Կը Ծրագրեն»

by MassisPost

Հայաստանն ու Ֆրանսան յարձակում կը նախապատրաստեն Ատրպէյճանի դէմ․ այս պնդումը արդէն երրորդ օրն է, ինչ հետեւողականորէն կը հնչեցուի Պաքուի մէջ գործող պետական եւ պաշտօնական առումով մասնաւոր, բայց իշխանութիւններու ուղղակի վերահսկողութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցներուն կողմէ։

Մինչ այս պահը, գոնէ, որեւէ փաստական ապացոյցով չհիմնաւորուած այս մեղադրանքներուն պատճառը Ֆրանսայի ազգային ժանտարմերիայի զօրավար Ուիլըամ տէ Մեյերի՝ անցեալ շաբաթավերջին կայացած այցն էր Հայաստան, որուն ընթացքին բարձրաստիճան զինուորականը այցելած էր նաեւ Ատրպէյճանի հետ սահմանի Ջերմուկի հատուած։

Ֆրանսացի զօրավարի սահմանային շրջայցը պատկերող լուսանկարները օրերս հրապարակած էր Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը։

Ուիլիամ տէ Մեյերի սահմանէն այն կողմ այցելութեան առաջիններէն արձագանգեց Ատրպէյճանի պետական հեռուստատեսութիւնը՝ իր ամէնշաբաթյայ կիրակնօրեայ ամփոփիչ ծրագրին ընթացքին։

«Այսօր մենք Ֆրանսայի գործողութիւններուն մասին բաւարար փաստեր ունինք։ Սկսինք անկէ, որ ֆրանսացի զօրավարը Հայաստանի կողմէն կը մօտենայ Ատրպէյճանի սահմանին եւ հեռադիտակով կ’ուսումնասիրէ զայն։ Ո՞րն է անոր այդ քայլին պատճառը։ Արդեօք պատերազմի կը նախապատրաստուին։ Անոնք կրնան ժխտել այդ, բայց մենք հակառակը կը պնդենք», կը յայտնէր Ատրպէյճանի պետական հեռուստատեսութեան մեկնաբանը՝ շարունակելով, «եթէ նպատակը այլ ըլլար, Ֆրանսան չէր փորձեր աշխուժացնել Հայաստանին սպառազինութեան վաճառքը։ Եթէ նպատակը այլ ըլլար, Ֆրանսան Հայաստանի մէջ նոր հետախուզական ծառայութիւն չէր ստեղծեր»։

Ատրպէյճանի պետական հեռուստատեսութիւնը, սակայն, այսքանով չսահմանափակուեցաւ՝ պնդելով, որ Փարիզն ու Երեւանը իբր որոշած են նոյնիսկ ապագայ հիփոթեթիկ յարձակման ուղղութիւնը։

«Ֆրանսան Հայաստանը կը նախապատրաստէ նոր պատերազմի։ Մենք գիտենք Մաքրոնի եւ Փաշինեանի ապագայ յարձակման բնոյթն ու ուղղութիւնը։ Յարձակումը անակնկալ պիտի ըլլայ եւ պիտի իրականացուի Ջերմուկի կողմէ», կը պնդէր Ատրպէյճանի հեռուստատեսութեան լրագրողը՝ չյստակացնելով սակայն, թէ որքանով անակնկալ կրնայ ըլլալ յարձակում մը, որուն յստակ ուղղութեան մասին կը պատմեն երկրի պետական հեռուստաընկերութեան եթերով։

Ատրպէյճանական իշխանամէտ մամուլի ուսումնասիրութիւնը թոյլ կու տայ ենթադրել, որ հեռուստատեսութեամբ, ամենադիտուող ժամին եթեր հեռարձակուած այս պնդումները իշխանութիւններուն կողմէ կազմուած որոշակի շրջաբերականի հետեւանք էին՝ շրջաբերական, որուն հասցէատէրը միայն պետական հեռուստատեսութիւնը չէ։ Այսպէս, ուժային կառոյցներու հետ սերտ կապերով յայտնի Caliber կայքը, սպասուող յարձակման մասին իր յօդուածին մէջ գրեթէ նոյնութեամբ կրկնած է պետական հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուած պնդումները։

«Ֆրանսան Հայաստանը կը նախապատրաստէ փոխվրեժի։ Նպատակը Ատրպէյճանի դէմ յարձակումն է՝ տեղային գրոհի միջոցով գոնէ մէկ կտոր հող ստանալը», կը գրէ Caliber՝ պնդելով, թէ այդ պատճառով է, որ Երեւանը՝ «կը ձգձգէ խաղաղ պայմանագրի ստորագրումը՝ տարատեսակ պատճառներ յօրինելով»։

Ֆրանսայի դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ գրեթէ նոյն բառերով կը նկարագրէ նաեւ իշխանութիւններու ուղղակի վերահսկողութեան տակ գտնուող «Baku TV»-ն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment