Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէտք Չէ Յանձնուիլ. Մենք Ճնշում Պիտի Գործադրենք Ատրպէյճանի Վրայ՝ Բանակցութիւններուն Մասնակցելու Համար. Չեխիոյ ԱԺ Խօսնակ

Պէտք Չէ Յանձնուիլ. Մենք Ճնշում Պիտի Գործադրենք Ատրպէյճանի Վրայ՝ Բանակցութիւններուն Մասնակցելու Համար. Չեխիոյ ԱԺ Խօսնակ

by MassisPost

Ատրպէյճանը կը մերժէ Հայաստանի բոլոր առաջարկները, այդ շարքին նաեւ սահմանէն զօրքերու հայելային ետքաշման մասին. «Չեխիոյ Հանրապետութիւնը, յայտարարութիւններէն բացի, ի՞նչ գործիքակազմ պէտք է կիրառէ՝ Ատրպէյճանը բանակցային սեղանին վերադարձնելու համար»: Չեխիոյ Հանրապետութեան Պատգամաւորներու պալատի խօսնակ Մարքեթա Փեքարովա Ատամովայի եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի համատեղ ասուլիսին լրագրողները այսպիսի հարցում հնչեցուցին՝ ուղղուած Չեխիոյ Հանրապետութեան Պատգամաւորներու պալատի խօսնակին:

Ի պատասխան Մարքեթա Փեքարովա Ատամովան ընդգծեց, որ երբեք պէտք չէ յանձնուիլ. «Պաքու իմ այցի ժամանակ ես անպայման այս հարցերը պիտի բարձրացնեմ, թէ ինչու իրենք չեն ուզեր լուծումներ գտնել, որ պիտի յարգուի նաեւ ՀՀ ներկայացուցիչներուն կողմէ: Մենք, ի հարկէ, պիտի օգտագործենք մեր բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի կարենանք ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի շարունակեն մասնակցիլ բանակցութիւններուն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment