Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանէն Արձագանգած Են Փաշինեանի Չյարձակման Պայմանագրի Վերաբերեալ Առաջարկին

Ատրպէյճանէն Արձագանգած Են Փաշինեանի Չյարձակման Պայմանագրի Վերաբերեալ Առաջարկին

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական հարցերով գերատեսչութենէն արձագանգած են Նիկոլ Փաշինեանի՝ սպառազինութիւններու վերահսկման եւ չյարձակման պայմանագրի վերաբերեալ առաջարկին։

Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, թէ նշուած համաձայնագրի նախագիծի քննարկման սկիզբէն հայկական կողմին կոչ ըրած են «վերջ դնելու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ շարունակուող պահանջներուն, սակայն Հայաստանը իբր գործնական քայլեր չէ ձեռնարկած այդ ուղղութեամբ»։

«Այս ուղղութեամբ, հայկական կողմէ միջոցներ ձեռնարկելու փոխարէն գործնական նշանակութիւն չունեցող առաջարկներ հնչեցնելը թիւրիմացութիւն կը ստեղծէ եւ անընդունելի է: Հաշուի առնելով վերը նշուածը, ինչպէս նաեւ այն, որ, ինչպէս յայտարարեց վարչապետ Փաշինեանը, իր երկիրը կը վարէ ռազմականացման լուրջ քաղաքականութիւն, վերջին տարիներուն կնքուած են պայմանագրեր քանի մը միլիառ տոլարի զէնքի մատակարարման, ռազմական արդիւնաբերութեան զարգացման համար, Հայաստանի այն պնդումը, թէ լրջօրէն կը վերաբերին խաղաղութեան գործընթացին, «քաղաքական շահարկում է», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտօնական Պաքուի մէջ կը կարծեն, թէ նման «կողմնակալ յայտարարութիւնները» կը խոչընդոտեն տարածաշրջանին մէջ հետագայ զարգացումն ու յառաջընթացը՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի կանոնները եւ սկզբունքները յարգելու վրայ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ իր ջանքերը եւ Հայաստանէն համարժէք քայլեր կ’ակնկալէ ոչ թէ խօսքով, այլ՝ գործով», յաւելած են գերատեսչութենէն:

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ անվտանգութեան երաշխիքներու քանի մը մեխանիզմներ առաջարկած են Ատրպէյճանին:

Մասնաւորապէս Հայաստանի սահմանազատում, այսինքն՝ ապառազմականացում, նաեւ սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկման մեխանիզմ, չյարձակման մասին պայմանագրի ստորագրում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment