Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ն Յաջողած Է Ընդլայնել Ռազմատեխնիկական Համագործակցութիւնը՝ Գտնելով Նոր Գործընկերներ. Պապիկեան

ՀՀ-ն Յաջողած Է Ընդլայնել Ռազմատեխնիկական Համագործակցութիւնը՝ Գտնելով Նոր Գործընկերներ. Պապիկեան

by MassisPost

Հայաստանի Զինուած Ուժերու սպառազինութիւնը 21-րդ դարի առաջատար բանակներուն յարիր մակարդակով համալրելու ջանքերը անցեալ տարուան ընթացքին շօշափելի արդիւնքներ տուած են, Բանակի կազմաւորման նուիրուած միջոցառման յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը։

«Մեզ յաջողուած է ընդլայնել ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը՝ գտնելով նոր գործընկերներ եւ սպառազինութեան բազմազանեցման ուղղութեամբ կատարել շօշափելի քայլեր։ Սա կ’օգնի Հայաստանի շուրջ ձեւաւորել աւելի հաստատուն եւ յուսալի անվտանգային միջավայր», ըսած է նախարարը։

Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է նաեւ ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման ուղղուած ծրագրերն ու բանակի կարիքները հայրենական արտադրանքով ապահովելու ջանքերը։

«Պարզ ասած՝ մենք չպէտք է ներմուծենք այն, ինչը կարող ենք արտադրել ինքներս մեր երկրում աւելի ցածր ինքնարժէքով եւ լաւ որակով։ Սա նպատակ է, որի ուղղութեամբ, հաւաստիացնում եմ, յստակ գործնական քայլեր են ձեռնարկւում», ընդգծած է Սուրէն Պապիկեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment