Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան Առաջադրած Է Յստակ Խնդիրներ Ու Տուած Է Յանձնարարականներ

Վարչապետը Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան Առաջադրած Է Յստակ Խնդիրներ Ու Տուած Է Յանձնարարականներ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան ղեկավարութեան եւ ծառայողներուն հետ։ Վարչապետին զեկուցուած է Ծառայութեան ձեւաւորման աշխատանքներուն ընթացքն ու 2024 թուականի գործունէութեան ծրագիրը։

Միտքեր փոխանակուած են ժամանակակից մարտահրաւէրներու հասցէագրման, ինչպէս նաեւ պետութեան զարգացման գործին մէջ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան ընելիքներուն մասին։

Վարչապետը Ծառայութեան առաջադրած է յստակ խնդիրներ ու տուած է յանձնարարականներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment