Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ղարաբաղի Հայերու Քաղաքացիութեան Եւ Իրաւական Կարգավիճակին Վերաբերեալ Պէտք Են Ճկուն Լուծումներ». Տունիա Միյաթովիչ

«Ղարաբաղի Հայերու Քաղաքացիութեան Եւ Իրաւական Կարգավիճակին Վերաբերեալ Պէտք Են Ճկուն Լուծումներ». Տունիա Միյաթովիչ

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչ անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցէն յետոյ հրապարակած է իր դիտարկումները, անդրադառնալով արցախահայերուն՝ իրենց տուներ վերադառնալու նաեւ անոնց քաղաքացիութեան առնչուող հարցերուն։

«Ղարաբաղէն վերջերս տեղահանուած հայերուն պէտք է անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի հնարաւորութիւն տրուի, նոյնիսկ եթէ այս պահուն շատերուն համար այդ ենթադրական թուի, պէտք է ճկուն լուծումներ գտնուին, մասնաւորապէս, անոնց քաղաքացիութեան եւ իրաւական կարգավիճակին վերաբերեալ։ Մինչ հնարաւոր վերադարձը, արագ ճանապարհներ պէտք է գտուին, այդ շարքին՝ անվտանգային երաշխիքներ հաստատելով, որպէսզի Ղարաբաղի հայերը ժամանակաւորապէս մուտք գործեն իրենց տուները կամ սովորական բնակութեան վայրերը եւ այցելեն գերեզմաններ, ուր թաղուած են անոնց հարազատները», գրած է Միյաթովիչ։

Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը նաեւ կ’ընդգծէ՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է ապահովել, որ Ղարաբաղի հայերուն թողած ունեցուածքը պաշտպանուի թալանէն եւ գողութենէն:

Միաժամանակ խօսելով Արցախի մէջ մնացած սակաւաթիւ հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին՝ Միյաթովիչ ընդգծած է, որ պէտք է ապահովուի նաեւ անոնց ազատ տեղաշարաժի իրաւունքը։

Թէեւ Հայաստանի իշխանութիւնը կը պնդէ, որ Ատրպէյճանը ցեղային զտման ենթարկած է արցախահայերը, Եւրոպայի Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը իր դիտարկումներուն մէջ նման ձեւակերպում չէ օգտագործած։

Եւրոպայի Խորհուրդի տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 101 հազար հայերը մասսայաբար լքած են Ղարաբաղը՝ Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան ռազմական գործողութիւններէն, այդ շրջանին նկատմամբ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելէ, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքի 9-ամսեայ շրջափակումէն յետոյ, որուն հետեւանքով մարդիկ զրկուած եղած են պարէնէ ու անհրաժեշտ ապրանքներէ, ինչպէս նաեւ ելեկտրամատակարարումէ։

«Խանքենտիի մէջ, կամ ինչպէս Ղարաբաղի հայերը կ’անուանեն, Ստեփանակերտի մէջ, յանձնակատարը ականատես եղած է, որ փողոցները դատարկ են, տուները՝ լքուած, եւ գրեթէ ոչ մէկ նշան քաղաքացիներու ներկայութեան մասին։ Հիմնուելով այն ամէնուն վրայ, ինչ Տունիա Միյաթովիչը լսած ու տեսած է, յանձնակատարը եզրակացուցած է, որ «անցեալ տարուան Սեպտեմբերի վերջը Ղարաբաղի հայերը իրենց լքուած զգացած են, առանց վստահելի անվտանգութեան կամ պաշտպանական երաշխիքներու ոեւէ մէկուն կողմէ եւ իրենց տուները լքելը միակ հնարաւոր տրամաբանական տարբերակը եղած է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment