Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութիւն Հնարաւոր Է․ Փաթել

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութիւն Հնարաւոր Է․ Փաթել

by MassisPost

«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հնարաւոր է», ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը։

Ան վստահեցուցած է՝ այդ ուղղութեամբ վարչութիւնը պիտի շարունակէ աշխատիլ։

«Ակնյայտ է, որ համակարգող Պոնօն, քարտուղարը եւ միւսները կը շարունակեն խորապէս ներգրաւուած ըլլալ այս հարցին մէջ», ըսած է Փաթել:

Յունուար 8-ին Երեւան կը գտնուէր ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն։ Ան հանդիպեցաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի, Հայաստանի Ազգային Ժղովի նախագահի տեղակալ, հայ-թրքական կարգաւորման հարցով հայկական կողմի յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի, արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, հանդիպումներուն ընթացքին քննարկեց հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։

Լուիս Պոնօն, ի դէպ, Երեւանէն յետոյ Պաքու չայցելեց. թէ ինչու, ամերիկեան ու ատրպէյճանական կողմերը պաշտօնապէս չեն բացատրած։ Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը միայն յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը պատրաստ է օգնելու որեւէ գործընթացի, որ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն։

Հեռավար ճեպազրոյցի ժամանակ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ’Պրայըն յայտնեց՝ Միացեալ Նահանգները կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարատեւ ու արժանապատիւ խաղաղութեան, չնայած այդ ուղղութեամբ դեռ աշխատանք կայ տանելու։

Օ’Պրայընը «տպաւորիչ» համարած է Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգը, Ատրպէյճանի մասին ալ ըսած է, թէ այդ երկիրը «տարածաշրջանային զարգացման նպաստելու ծրագրեր ունի», եւ ամերիկեան կողմին կարծիքով՝ խաղաղութեան համաձայնութիւնը միայն պիտի նպաստէ այդ ծրագրերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment