Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յաջորդ Հանդիպման Ընթացքին Պիտի Սահմանուին Փաստաթուղթերու Տեսակները, Պիտի Նոյնականացուին Քարտէզները․ Մհեր Գրիգորեան

Յաջորդ Հանդիպման Ընթացքին Պիտի Սահմանուին Փաստաթուղթերու Տեսակները, Պիտի Նոյնականացուին Քարտէզները․ Մհեր Գրիգորեան

by MassisPost

Սահմանազատման յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Յունուարի վերջը, «Ազատութեան» փոխանցած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը՝ նշելով, որ յստակ օրը, ժամը եւ վայրը պէտք է լրացուցիչ համաձայնեցուի։

Գրիգորեան տեղեկացուցած է, որ նախնական պայմանաւորուածութիւններու համաձայն, հանդիպման ընթացքին նախ պիտի քննարկուի յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի նախագիծը, որուն մէջ պէտք է յստակ սահմանուին համատեղ աշխատանքներուն մէջ օգտագործուելիք իրաւական նշանակութիւն ունեցող փաստաթուղթերու եւ իրաւական օրէնքներու տեսակները եւ տիպերը, նոյնականացուին ԽՍՀՄ ժամանակաշրջանի վերջին տեղագրական քարտէզները, որոնք պատշաճ իրաւական հիմքերով կազմուած եւ տպագրուած են իրաւասու մարմիններու կողմից, եւ այլ նմանատիպ հարցեր:

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած էր, որ յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է այս ամիս եւ «օրակարգին մէջ մէկ՝ Ղազախ-Թովուզ հատուածի սահմանազատման հարցն է»։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին հանդիպումը Նոյեմբեր 30-ին էր Իջեւանի եւ Ղազախի հատուածին մէջ՝ փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորութեամբ:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու գլխաւորած յանձնաժողովները մինչ այժմ 5 հանդիպում ունեցած են, մէկը՝ Երասխի հատուածիոն մէջ, 2-ը՝ Տաւուշի մարզի եւ Ղազախի, մէկական էլ՝ Մոսկուայի ու Պրիւքսէլի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment